image

Նաթանիահու հրաժարած է նոր կառավարութիւն կազմելու պարտաւորութենէն

Նաթանիահու հրաժարած է նոր կառավարութիւն կազմելու պարտաւորութենէն

Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն յայտնած է երկրի նախագահ Ռեուվէն Ռիւլինին, որ կը վերադարձնէ կառավարութիւն կազմելու մանտաթը։ Այս մասին կը հաղորդէ «Ռիա Նովոսթի»-ն՝ յղում ընելով նախագահի գրասենեակին։

«Նախագահը այսօր դիմում ստացած է վարչապետէն այն մասին, որ ան կը վերադարձնէ մանտաթը նախագահին, քանի որ չէ կրցած ձեւաւորել կառավարութիւնը»,- ըսուած է նախագահի վարչակազմի ներկայացուցիչի թուիթըրեան հաղորդագրութեան մէջ։

Աւելի վաղ Ռիւլինը Նաթանիահուին մանտաթ յանձնած էր դաշնային կառավարութիւն կազելու համար։ Բանակցութիւններու եւ կառավարութեան կազմը յստակացնելու համար անոր 28 օր տրուած էր։ Այժմ կառավարութիւն կազմելու իրաւունքը կրնայ փոխանցուիլ մէկ այլ խորհրդականի։

Նաթանիահուն, որու 70-ամեակը լրացած է երկուշաբթի, Իսրայէլի կառավարութիւնը ղեկավարած է 10 տարի շարունակ՝ այդպիսով մրցանիշ սահմանելով վարչապետի պաշտօնին գտնուելու ժամկէտի առումով։