image
Հրատապ լուրեր:

Ռուսաստանի ՊՆ-ն կը զգուշացնէ. Սուրիոյ մէջ ԻՊ-ի տասնեակ բանտեր հսկողութենէ դուրս են

Ռուսաստանի ՊՆ-ն կը զգուշացնէ. Սուրիոյ մէջ ԻՊ-ի տասնեակ բանտեր հսկողութենէ դուրս են

Սուրիոյ մէջ թրքական բանակի գործողութիւններու պատճառով առանց հսկողութեան մնացած են փախստականներու 8 ճամբարներ եւ արտասահմանցի գրոհայիններու համար նախատեսուած 12 բանտեր, ինչը կրնայ յանգեցնել պատմական հայրենիք ահաբեկիչներու «ետադարձ գաղթի» ալիքի, Փեքինեան Սիանշանի համաժողովին ելոյթ ժամանակ յայտարարած է ՌԴ աշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուն, կը յայտնէ «Ինթըրֆաքսը»:

Ասոր հետ կապուած ան յայտարարած է «ահաբեկիչներու մարտահրաւէրներուն, անոնց գաղափարախօսութեանն ու քարոզչութեան հակազդելու համար ամբողջ միջազգային հանրութեան ջանքերու կեդրոնացման» անհրաժեշտութեան մասին:

Անկէ բացի, ռուս նախարարի խօսքով՝ ԻՊ ահաբեկչական խմբաւորումը, Սուրիոյ մէջ պարտութիւն կրելով, իր ներկայութիւնը զգալիօրէն ընդլայնած է Հարաւարեւելեան Ասիոյ մէջ:

Քուազիպետութեան առաջնորդները կը հռչակեն խալիֆաթի կազմի մէջ Ինտոնեզիայի, Մալիզիայի, Սինկափուրի, Ֆիլիփիններու եւ մասամբ Թայլանտի ներառումը: Որպէս առաջաւոր ջոկատ կ'օգտագործեն Սուրիոյ մէջ մարտնչած եւ հայրենիք վերադարձող զինեալներուն»,- ըսած է ան: