image

Եւրոպայի մէջ ամենաշատ հետախուզուող կանայք

Եւրոպայի  մէջ  ամենաշատ հետախուզուող կանայք

Եւրոփոլը գաղտնազերծած է Եւրոպայի մէջ ամենահետախուզուող յանցագործ կանանց անունները, կը գրէ Independent-ը:

ԵՄ ոստիկանութեան ծառայութեան կայքին մէջ տեղադրուած են 21 կասկածեալի լուսանկարները, որոնցմէ 18-ը կանայք են: Փախուստի դիմած յանցագործ կանանց մասին տեղեկատուութիւնը հրապարակուած է «Յանցագործութիւնը չունի սեռ» արշաւի շրջագիծէն ներս:

Կը նշուի, որ ամենափնտռուող յանցագործ կանանց ցանկին մէջ է 56-ամեայ Հիլտա Վան Աքերը, որ կը մեղադրուի բրիտանացի գործարար Մարքուս Ճոն Միթչելի՝ 1996 թուականին կատարուած սպանութեան մէջ:

Կը հետախուզուի նաեւ 52-ամեայ չեխ Իւեթա Թանքոսովան, որ կը մեղադրուի երիտասարդ կնոջ սեռական առեւտուրի մեջ. յանցագործը կնոջ կը պահէր կղպուած տարածքի մէջ, կը ծեծէր անոր եւ կը ստիպէր զբաղուիլ մարմնավաճառութեամբ:

Համաձայն Եւրոփոլի հաղորդագրութեան՝ «Յանցագործութիւնը չունի սեռ» արշաւի նպատակն է հնարաւորինս շատ ուշադրութիւն գրաւել իր կայքի նկատմամբ եւ մեծցնել փախուստի դիմած յանցագործները բռնելու հաւանականութիւնը: