Ռուս լրագրողները այցելած են Սուրիոյ հիւսիսը գտնուող նախկին ամերիկեան «Տատաթ» ռազմակայան, ուրկէ ամերիկացի զինուորականները շտապ տարհանուած էին թրքական ռազմարշաւի մեկնարկի նախօրէին:
Ինչպէս կը ներկայացնէ Life.ru-ն, ամերիկեան զինծառայողնեը այնքան շտապած են ռազմակայանէն հեռանալու ժամանակ, որ այնտեղ թողած են Աստուածաշունչը, կոշտ սկաւառակները, մրցանակները, որոշ փաստաթուղթեր, անձնական կրծքանշաններ եւ շատ այլ առարկաներ:
Լրագրողները նշած են, որ ամերիկացի զինուորները ոչ թէ հեռացած են, այլ փախուստի դիմած, թէեւ անոնց ոչ ոք կը շտապեցնէր: Այդպիսով մոռացած են իրենց հետ վերցնել հնագոյն մասունք համարուող իրեր, ինչպէս օրինակ՝ թեխասեան ապստամբներու դրօշը, որ Վայրի արեւմուտքի երբեմնի բնակիչներու համար գրեթէ սրբութիւն է:
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսվել