image
Հրատապ լուրեր:

Նպատակը Թուրքիան ճնշելն էր. Ինչ առաջարկած են Թրամբի խորհրդականները

Նպատակը Թուրքիան ճնշելն էր. Ինչ առաջարկած են Թրամբի խորհրդականները

Թուրքիոյ յարձակումը Սուրիոյ վրայ կանխելու նպատակով Տանըլտ Թրամբի խորհրդականները առաջարկած են Թուրքիոյ վրայ ճնշում գործադրելու քանի մը տարբերակ, որոնցմէ մէկը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն է: Այս մասին Newsweek հանդէսին ըսած է ԱՄՆ-ի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի պաշտօնեաներէն մէկը:

Պաշտօնեան յայտնած է, որ Տանըլտ Թրամբի խորհրդականները նախագահին շարք մը տարբերակներ ներկայացուցած են, թէ ինչպէս դուրս բերել ամերիկեան զօրքերը Սուրիայէն, միաժամանակ թոյլ չտալով Թուրքիոյ ներխուժումը Սուրիա: Սեղանին դրուած մարտավարութիւններէն մէկուն համաձայն առաջարկուած է սպառնալ Անգարային, որ Օսմանեան կայսրութեան մէջ միլիոնաւոր հայերու եւ այլ ազգային խումբերու անդամներու կոտորածները կը ճանչցուին ցեղասպանութիւն, յայտնած է Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի պաշտօնեան:

Բացայայտուած այս տեղեկատւութեան առիթով Newsweek-ը լայնօրէն անդրադարձած է Հայոց ցեղասպանութեան թեմային, նշելով, որ 1915-1923 թուականներու ընթացքին մէկուկէս միլիոն հայերու, հարիւր հազարաւոր յոյներու ու ասորիներու կոտորածները ցեղասպանութիւն ճանչնալու հարցը միջազգային յարաբերութիւններու վիճայարոյց թեմաներէն մէկն է: Օսմանեան կայսրութեան իրաւայաջորդ ժամանակակից Թուրքիան կը պնդէ, որ ազգային փոքրամասնութիւնները համակարգային կերպով ոչնչացնելու գործընթաց չէ եղած, սակայն աւելի քան երեք տասնեակ երկիրներ ու կառավարութիւններ ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ պաշտօնապէս յայտարարած այդ մասին:

ԱՄՆ-ը չէ միացած այդ երկիրներուն, դաշնային մակարդակով որեւէ օրէնք չէ ընդունուած, սակայն 50 նահանգներէն 49-ը՝ բացառութեամբ Միսիսիփիի, ճանչցած են հայոց ցեղասպանութիւնը:

Քիւրտերը հիմա կը պնդեն, որ Թուրքիան իրենց նկատմամբ ցեղասպանութեան քաղաքականութիւն կը վարէ, կը շարունակէ պարբերականը՝ վերադառնալով Սուրիոյ խնդիրներուն:

ԱՄՆ-ի վարչակազմի բարձրաստիճան պաշտօնեաները Սուրիայէն ամերիկեան զօրքերը դուրս բերելու գործողութիւններու քանի մը ծրագիր ներկայացուցած են Տանըլտ Թրամփին, եւ Թուրքիոյ ներխուժումը զսպելու նպատակով այդ առաջարկները ներառած են նաեւ քաղաքական ու տնտեսական ճնշումներու սպառնալիքներ, բայց Թրամբը նախընտրած է շուտափոյթ դուրս բերել ամերիկեան զօրքերը, որպէսզի անոնք չմնան երկու բանակներու բախման միջեւ, որոնց երկուքին ալ ԱՄՆ-ը որպէս դաշնակից կը դիտարկէ:

Թրամբը վերջին հաշուով գերադասած է սպառնալիքները թուրք բարձրաստիճան պաշտօնեաներու նկատմամբ, զգուշացուցած է մետաղի ներմուծման մաքսադրոյքները բարձրացնելու, 100 միլիառ տոլարի առեւտուրի բանակցութիւնները առկախելու մասին, բայց չէ օգտագործած Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու դիւանագիտական մահակը, ամփոփած է Newsweek-ը: