image
Հրատապ լուրեր:

Հայկական լաւաշը՝ առաջատար

Հայկական լաւաշը՝ առաջատար

Հայկական լաւաշը ներառուած է աշխարհի 50 լաւագոյն հացերու շարքին: «CNN»ը հրապարակած է յօդուած մը, ուր ներկայացուած են աշխարհի 50 լաւագոյն հացերը, իսկ ցանկին մէջ երկրորդ դիրքը կը գրաւէ հայկական լաւաշը: Այս մասին կը հաղորդէ«Արմէնբրես»ը:

«Ի՞նչ է հացը: Այս հարցին մասին, հաւանաբար, դուք կարիք չունիք երկար մտածելու: Դուք կը փափաքիք կտոր մը հաց համտեսել, եւ այդ ընթացքին այն, ինչ որ դուք կը պատկերացնէք, շատ բան կը պատմէ ձեր ծագման մասին», գրած է յօդուածագիրը: Հեղինակը յօդուածին մէջ կը յիշեցնէ մասնագէտներուն այն խօսքը, որ «հացը հիմնականին մէջ այն է, որուն մասին կը խօսի ձեր մշակոյթը»:

«CNN» առանձին-առանձին ներկայացուցած է Աֆղանիստանի, Պրազիլի, Եգիպտոսի, Աւստրալիոյ, Պենկլատեշի, Գանատայի, Չիլիի, Չինաստանի, Եթովպիոյ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ շատ մը այլ երկիրներու ազգային հացերը:

«Գերմանիոյ Ուեսթֆալիա շրջանին մէջ հացթուխները քանի մը հատ հաց կը թխեն 24 ժամուան ընթացքին, իսկ ահա ցորենի ալիւրէն պատրաստուած հայկական լաւաշը գեղեցիկ տեսք կը ստանայ 30 երկվայրկեանէն, թոնիրին մէջ», նշած է յօդուածագիրը:

Յօդուածին մէջ հեղինակը կը ներկայացնէ լաւաշը թխելու գործընթացը եւ կը նշէ, որ ատիկա կը կատարուի հաւաքաբար։

«Երբ ձեր հայ կեսուրը մօտենայ՝ հացը ձեռքին, մի զարմանաք: Լաւաշը նորապսակներուն կը տրուի իբրեւ խորհրդանիշ առատութեան ու բարեկեցութեան: Լաւաշը պատրաստելու գործընթացը կը պահանջէ ընկերներու մասնակցութիւն: Այս աւանդական հացը թխելու ատեն կը համախմբուին կիները, կը պատրաստեն խմորը, յատուկ բարձի վրայ բարակ ու լայն բացուած խմորը ուժգին հարուածով կ՛ամրացնեն նախապէս տաքցուած թոնիրին մէջ», նշած է յօդուածին հեղինակը՝ ընդգծելով, որ այս գործընթացը մեծ վարպետութիւն կը պահանջէ:

Լաւաշը հայկական մշակոյթի կարեւոր բաղադրիչներէն է, ան ներառուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕի ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ: