image

Ինքնաշարժի արկածի հետեւանքով մահացած է ՀՀ Ազգային հերոս Թաթուլ Կրպէյեանի եղբայր՝ Մինաս Կրպէյեանը

Ինքնաշարժի արկածի հետեւանքով մահացած է ՀՀ Ազգային հերոս Թաթուլ Կրպէյեանի եղբայր՝ Մինաս Կրպէյեանը

Արագածոտնի մարզին մէջ, 17 հոկտեմբերին, ողբերգական ինքնաշարժի վթար տեղի ունեցած է. ժամը 17:00-ի սահմաններուն Թաթուլ գիւղի բնակիչ, 63-ամեայ Մինաս Կրպէյեանը իր վարած Volkswagen Passat մակնիշի մեքենայով Թալին քաղաքէն դէպի Թաթուլ գիւղ տանող ճանապարհին դուրս եկած է ճանապարհի երթեւեկելի գօտիէն եւ կողաշրջուելով՝ յայտնուած դաշտին մէջ:

Shamshyan.com-ի  հաղորդմամբ, վթարի հետեւանքով վարորդ Մ. Կրպէյեանը «Թալին» բժշկական կեդրոն տեղափոխուելու ճանապարհին մահացած է:

Քննիչի յանձնարարականով մեքենան տեղափոխուած է ոստիկանութեան Թալինի բաժնի պահպանուող յատուկ տարածք: Աղբիւրի տեղեկութիւններով՝ մահացած Մ. Կրպէյեանը Հայաստանի ազգային հերոս Թաթուլ Կրպէյեանի եղբայրն էր: