image

Հնդկաստանի վարչապետը ծովափը մաքրելու աշխատանքներուն կը մասնակցի

Հնդկաստանի վարչապետը ծովափը մաքրելու աշխատանքներուն կը մասնակցի

Հնդկաստանի վարչապետ Նարենտրա Մոտին որոշած է մաքրութիւն ընել եւ կարգի բերել երկրի հարաւը գտնուող լողափերէն մէկը:

Ինչպէս կը ներկայացնէ Euronews-ը, Մամալլապուրամ քաղաքին մէջ շաբաթօրեայ առաւօտեան զբօսանքի ժամանակ վարաչապետը անցած է լողափով եւ հաւաքած այնտեղ թափուած աղբը՝ փլասթիքէ շիշերը, մթերքներէն մնացած փաթեթներ եւ այլ իրեր: Ան մեծ տոպրակի մէջ հաւաքած է ամբողջ աղբն ու այնուհետեւ փոխանցած հիւրանոցի աշխատակիցին:

Մոտիի մասնակցութեամբ երեք վայրկեան տեւողութեամբ տեսանիւթը հրապարակուած էր ընկերային ցանցերուն մէջ: Վարչապետը խոստացած էր մինչեւ 2022 թուականը Հնդկաստանի մէջ արգիլել մէկանգամեայ օգտագործման փլասթիքէ պարագաներու օգտագործումը: Հնդկաստանը օրական 15 միլիոն քկ փլասթիքէ թափոն կ'արտադրէ, որուն 60 տոկոսը կը հաւաքուի եւ կը վերամշակուի: