image
Հրատապ լուրեր:

Մոլտավիոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման նախագիծ պիտի ներկայացուի

Մոլտավիոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման նախագիծ պիտի ներկայացուի

Մոլտովայի խորհրդարանէն ներս շուտով առաջին անգամ պիտի ներկայացուի Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման օրէնսդրական նախաձեռնութիւն: «Արմէնբրես»-ի փոխանցմամբ՝ ինչպէս կը յայտնէ «Accent tv»-ին, այս մասին Մոլտովայի խորհրդարանի Արտաքին քաղաքականութեան եւ եւրոպական ընդելուզման հարցերով յանձնաժողովի նիստին նշած է ազգութեամբ հայ պատգամաւոր Հայկ Վարդանեանը (Gaik Vartanean):

Ան նաեւ Մոլտովայի մէջ հայկական համայնքի ղեկավարն է, եւ քանի մը դեսպաններու նշանակման վերաբերեալ լսումներուն հարց բարձրացուցած է՝ ուղղուած Տմիթրի Քրոիթորին, որ Թուրքիոյ մէջ Մոլտովայի դեսպանի թեկնածու առաջադրուած է: «Հաշուի առնելով այն փաստը, որ շուտով Մոլտովայի խորհրդարանին մէջ պիտի ներկայացուի օրէնսդրական նախաձեռնութիւն՝ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու համար, եւ Մոլտովան կրնայ միանալ Եւրոմիութեան երկիրներու մեծ մասին, ինչպէս նաեւ Ռուսաստանին, որ արդէն ճանչցած են այդ փաստը, սա կրնայ յանգեցնել Թուրքիոյ կառավարութեան բացասական արձագանգին»,-նկատած է պատգամաւորը:

Հայկ Վարդանեանը նաեւ նշած է, որ Թուրքիոյ եւ Եւրոմիութեան միջեւ անհամաձայնութեան առանցքային կէտերէն մէկն ալ այն է, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը ժխտէ Հայոց ցեղասպանութիւնը: