image

Մեծ հրդեհներ «կը հարուածեն» Լիբանանը

Մեծ հրդեհներ   «կը հարուածեն» Լիբանանը

 Երէկուընէ ի  վեր   մեծ  հրդեհներ տարածուած են Լիբանանի   տասնեակ   շրջաններու մէջ։   Այս  մասին  տեղեկութիւնը  հաղորդեց «Ալ Տիար»  պարբերականը։ 

 Աղբիւրը նաեւ  նշեց, որ  Լիբանանը հարուածող    հրդհի մեծագոյն  օճախը    կը գտնուի   Մըշրէֆ   շրջանի անտառային   գաւառակը։ 

  Կը նշուի  նաեւ, որ  հրդեհներ   առկայ են  լեռնալիբանանի  տարբեր    աւաններու ՝ Տամուրի,  Տըպայէի, Մազրահաթ Եաշուհի, Քորնէթ Համրայի, Շուֆի  եւ այլ անտառային   շրջաններու մէջ։ 

 

Ըստ  Լիբանանի  ներքին գործոց նախարարութեան  կառավարութիւնը դիմած է Կիպրոսի մարմիններուն    հրդեհ  մարող ուղղաթիռներու  օգնութիւն ունենալու համար եւ  այս  պահուն     այդ ուղղաթիռները  եւս   կ՚աշխատին մարել  մասնաւորապէս  «Մըշրէֆ»  շրջանին մէջ ծագած հրդեհը։