image
Հրատապ լուրեր:

Քարտաշեան իր 150 միլիոն հետեւորդներուն պատմեց Հայաստանի մասին

Քարտաշեան իր 150 միլիոն հետեւորդներուն պատմեց Հայաստանի մասին

Աշխարհահռչակ հեռուստաաստղ Քիմ Քարտաշեանը ինսթակրամի իր էջի մօտ 150 միլիոն հետեւորդներու ցուցադրած է Հայաստան կատարած վերջին այցի յիշարժան դրուագները, ստացած հայկական նուէրները:

Քարտաշեանը ինսթակրամի «Սթորի» բաժնին մէջ տեղադրած է քրոջ՝ Քորթի Քարտաշեանի՝ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի յուշահամալիր՝ Ծիծեռնակաբերդ այցէն ետք հրապարակած լուսանկարը: Լուսանկարը մակագրուած է «Ի յիշատակ 1.5 միլիոն հայերու, որոնք կոտորուած են»:

Քարտաշեանը հրապարակած է նաեւ Երեւանի մէջ «PicsArt»-ի գրասենեակի աշխատակիցներու հետ առած լուսանկարը: Հեռուստաաստղը ուշադրութիւն հրաւիրած է այն փաստի վրայ, որ աշխատողներու 51 տոկոսը կանայք են՝ նշելով, որ կը հպարտանայ այդ հիանալի խումբով:

Քարտաշեանը իր հետեւորդներուն ներկայացուցած է նաեւ Հայաստանի մէջ ստացած նուէրները: Անոնցմէ մէկը իր ծաղրանկարն է: Հայ երկրպագուները հեռուստաաստղին նուիրած են նաեւ հայկական տառերով պայուսակներ, տնային պայմաններու մէջ պատրաստուած օճառներ, զարդեր, որոնք տեսանելի են հրապարակուած տեսանիւթին մէջ:

Քարտաշեանը քրոջ՝ Քորթնի Քարտաշեանի եւ երեխաներուն հետ Հայաստան ժամանած էր՝ մասնակցելու Երեւանի մէջ իրականացող WCIT 2019 համաժողովին: