image

«Երեւանի տօն»ին համար պիտի ծախսուին 150 միլիոն դրամ

«Երեւանի տօն»ին  համար պիտի ծախսուին 150 միլիոն դրամ

Երեւանը այս տարի իր տօնը պիտի նշէ 19 Հոկտեմբերին: Երեւանի բոլոր վարչական շրջաններուն մէջ պիտի կազմակերպուին տարբեր միջոցառումներ, որուն համար, ինչպէս յայտարարած է քաղաքապետ Հայկ Մարութեանը, համայնքի պիւտճէէն պիտի ծախսուի մօտ 150 միլիոն դրամ: Ըստ ընթացիկ տարուան գնումներու ծրագրին՝ ծախսը նախատեսուած էր 140 միլիոն դրամ:

Ներկայացնենք, թէ «Էրեբունի-Երեւան 2801» միջոցառումներու համար 2019-ի գնումներու ծրագրով Երեւանի վարչական շրջաններէն որուն որքան գումար պիտի յատկացուի:

«Էրեբունի-Երեւան 2801» մշակութային միջոցառումներու կազմակերպման ծառայութիւններու համար ամէնէն շատ գումար պիտի յատկացուի Կեդրոն, Դաւթաշէն եւ Աջափնեակ վարչական շրջաններուն, իւրաքանչիւրին 12 միլիոն դրամ: Ամենաքիչ պիւտճէն տօնական միջոցառումներու համար նախատեսուած է Արաբկիր վարչական շրջանին՝ 4 միլիոն դրամ: Նուպարաշէն, Մալաթիա-Սեբաստիա, Էրեբունի վարչական շրջանները պիտի ծախսեն 11 միլիոն դրամ, Քանաքեռ-Զէյթունի մէջ կազմակերպուած միջոցառումներուն համար պիտի յատկացուի 9 միլիոն դրամ, Նորք Մարաշը՝ 8 միլիոն, Շենգաւիթ, Նոր Նորք եւ Աւան վարչական շրջանները 7 միլիոն դրամ:

29 միլիոն դրամ քաղապետարանը իր պիւտճէէն պիտի յատկացնէ Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալեթի ազգային ակադեմիական թատրոնին: