image
Հրատապ լուրեր:

«Եղածը պատերազմի սկիզբ էր» Փայլան անդարդարձ կատարեց Թուրքիոյ Մէճլիսի որոշման մասին

«Եղածը պատերազմի սկիզբ էր» Փայլան անդարդարձ կատարեց Թուրքիոյ Մէճլիսի որոշման մասին

Թուրքիոյ խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլա իր ֆէյսպուքեան էջին անդրադարձած է Թուրքիոյ խորհրդարանի կողմէ Իրաքի եւ Սուրիոյ տարածքներուն մէջ ռազմական գործողութիւններու իրականացման մանտաթի ժամկէտը 1 տարիով երկարաձգելու փաստին եւ գրած է, որ «Արդարութիւն եւ զարգացում», Ժողովրդադեմոկրատական, Ազգային-ժողովրդավարական եւ «Լաւ» կուսակցութիւնները պատասխանատու են Սուրիոյ հիւսիսին մէջ սպասուող աղէտի համար:

«Սա պատերազմական շարժում սկսելու հաստատումն էր, որ անցաւ խորհրդարանով: Ժողովուրդը չուզեր պատերազմ, եւ մենք մինչեւ վերջ պիտի պայքարինք խաղաղութեան համար»,- գրած է Փայլանը՝ գրառումը ուղեկցելով «Ո՛չ պատերազմին» հաջթէկով:

Յիշեցնենք, որ երէկ Թուրքիոյ խորհրդարանը մէկ տարիով երկարաձգած է Իրաքի եւ Սուրիոյ տարածքներուն մէջ ռազմական գործողութիւններու անցկացման մանտաթի ժամկէտը:

Փաստաթուղթին մէջ, որ ներկայացուած է խորհրդարանին նախագահ Էրտողանի մակագրութեամբ, ըսուած է, որ Թուրքիոյ հարաւային շրջանները կը շարունակեն մնալ վտանգի տակ, եւ որ այդ կը հարուածէ Թուրքիոյ ազգային անվտանգութեան:

Փաստաթուղթին մէջ նշուած է նաեւ, որ Թուրքիան իր ռազմական գործողութիւնները կը սկսի՝ ելլելով իր երկրի ազգային անվտանգութեան հարցէն եւ տարածաշրջանին մէջ ահաբեկչութեան վերացման խնդրէն: Նշուած է նաեւ, որ նախագահը կը պահանջէ Սահմանադրութեան 92-րդ կէտի հիման վրայ մէկ տարիով երկարաձգել ռազմական գործողութիւններու մանտաթի ժամկէտը, որ ուժի մէջ պիտի մտնէ այս տարուան 30 Հոկտեմբերէն: