image

«Պետութիւնը ...Թրամբի եւ Փութինի ձեռքերուն մէջ խաղալիք դարձուցիք» Կարօ Փայլան

«Պետութիւնը ...Թրամբի եւ Փութինի ձեռքերուն մէջ խաղալիք դարձուցիք» Կարօ Փայլան

Թուրքիոյ Պետութիւնը դարձուցած են խաղալիք Թրամբի եւ Փութինի ձեռքը: Այդ մասին իր ֆէյսպուքեան էջին գրած է Թուրքիոյ խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլանը:

«Միայն խաղաղ եւ ժողովրդավարական քայլերով կը կարողանանք դուրս գալ այս իրավիճակէն: Պատերազմով մենք բոլորս իրար կը կորսնցնենք: Խաղաղութեամբ բոլորս կը յաղթենք»,- ըսուած է Փայլանի գրառման մէջ:

Աւելի վաղ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը յայտարարած էր, որ Սուրիոյ հիւսիսը Թուրքիոյ ռազմական գործողութիւններու որոշումը կրնայ ընդունուիլ յառաջիկայ օրերուն: Ան նշած էր, որ այս գործողութիւններու նպատակը պիտի ըլլայ Սուրիոյ սահմանամերձ հատուածը Սուրիոյ քիւրտերու ինքնապաշտպանական ուժերէն մաքրելը եւ այնտեղ Թուրքիոյ մէջ հաստատուած սուրիացի փախստականներու բնակեցումը: