image

Եգիպտոս, Կիպրոս եւ Յունաստան .. ընդդէմ Թուրքիոյ

Եգիպտոս, Կիպրոս եւ Յունաստան .. ընդդէմ Թուրքիոյ

Եգիպտոսը, Կիպրոսն ու Յունաստանը դատապարտած են Թուրքիոյ անօրինական եւ անընդունելի գործողութիւնները Կիպրոսի բացառիկ տնտեսական գօտիին մէջ, կը հաղորդէ AP-ը:

Եգիպտոսի նախագահ Ապտըլ Ֆաթահ ալ-Սիսին Գահիրէի մէջ հանդիպած է Կիպրոսի նախագահ Նիկոս Անասթասիատեսի եւ Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսի հետ:

Անասթասիատեսը համատեղ ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է, որ Կիպրոսը Թուրքիոյ յարձակողականութիւնը կանգնեցնելու համար հասանելի դիւանագիտական միջոցներ պիտի կիրառէ:

Յիշեցնենք, որ Թուրքիան Կիպրոսի բացառիկ տնտեսական գօտի հորատիչ նաւեր ուղարկած էր՝ յայտարարելով, որ «կը պաշտպանէ իր եւ կիպրացի թուրքերու շահերը»: