image

Լիբանանցի երիտասարդը մեծ բախտաւոր. Ան «լոթո» էն շահած է շուրջ 4,6 միլիոն ամերիկեան տոլար

Լիբանանցի  երիտասարդը  մեծ բախտաւոր.  Ան   «լոթո» էն շահած է      շուրջ  4,6 միլիոն ամերիկեան տոլար

Այսօր  յայտարարուած է    լիբանանեան    «Լոթո»  բախտախաղի    գլխաւոր շահողին  անունը։   Այս մասին կը գրէ    «Ալ Ժումոհուրիյա»  պարբերականը  նշելով, որ Շարպէլ  Մախուլ  անունով     երիտասարդին կողմէ    արձանագրուած  սիւնակի  բոլոր  համարները համապատասխանած են  խաղի   աւարտին      յայտարարուած  թուահամարներու     ցուցակին։ Այդպիսով  ան  շահած է  6  միլիառ 900   միլիոն   լիբանանեան  թղթոսկի, որ կը համապատասխանէ    շուրջ  4,6  միլիոն ԱՄՆ տոլարի։ Կը  նշուի նաեւ, որ  Շարպէլ  միջին  խաւի ներկայացուցիչ է՝    հիւսիսային  Քուրա  գաւառի  Քոսպա   գիւղէն,  ան   զինուորական  ծառայող էր  երկրի  ներքին ապահովութեան   զօրքերուն մէջ։