image

Լիբանանի մէջ հացի տագնա՞պ

Լիբանանի մէջ հացի տագնա՞պ

Անցնող ժամերուն լիբանանեան  ԶԼՄ-ներ լուրեր սկսած են տարածել այն մասին, որ շատ հաւանական է, որ երկրին մէջ հացի նոր տագնապ մը առաջանայ։ 

Այս մասին մասնաւորապէս տեղեկութիւն հաղորդած է Պէյրութի VDL կայանը նշելով, որ Լիբանանի փուռերուն համար ցորեն արտածող հիմնական ընկերութիւնները   կը պատրաստուին գործադուլ  յայտարարել։ 

Աղբիւրը նաեւկը հաղորդէ, որ այս    զարգացումները   բնականաբար  կապ ունին երկրին մէջ   ամն   տոլարի   սակի   վերջին տատանումներուն հետ, բան մը որ շփոթ ստեղծած է ցորեն  ներածող մեծ ընկերութիւններուն մօտ, որոնք ստիպուած են ցորենը արտածել ամն տոլարով, մինչ տեղական շուկային մէջ անոնք պարտաւոր են  նոյն ցորենը  վաճառել   լիբանանեան  թղթոսկիով։ 

Կայանը նաեւ նշած է, որ շատ հաւանական է, որ ցորեն ներածող ընկերութիւնները  գործադուլ սկսին առաջիկայ ուրբաթ օր։