image
Հրատապ լուրեր:

Լիբանանահայ Յակոբ Թաշճեան արժանացաւ բացառիկ գնահատականի՝ MCAT միջազգային քննութիւններուն

Լիբանանահայ Յակոբ Թաշճեան արժանացաւ բացառիկ գնահատականի՝ MCAT միջազգային քննութիւններուն

2017-ի Պէյրութի Մ. եւ Հ. Արսլանեան  Ճեմարանի շրջանաւարտ, ներկայիս Լիբանանեան Ամերիկեան համալսարանի երրորդ տարուան ուսանող Յակոբ Թաշճեան MCAT (Medical College Admission Test) քննութեան արձանագրած իր նիշով (523/528) դասուեցաւ ամբողջ աշխարհի մէջ այս տարուայ քննութեան մասնակիցներու առաջին 1%-ին մէջ: Քննութիւններուն մասնակցեցան ամերիկեան բժշկական համալսարաններու դիմորդ 80 հազար ուսանողներ՝ աշխարհի գրեթէ բոլոր երկիրներէն: MCAT-ը կը համարուի աշխարհի ակադեմական ամենաբարդ քննութիւններէն մէկը, որ կը բաղկանայ իրարմէ անջատ չորս բաժիններէ: Եօթը ժամ տեւող քննութիւնը խիստ մրցակցային է.  հաշուի առնելով անոր արդիւնքներուն որոշիչ հանգամանքը՝ աշխարհի առաջատար բժշկական համալսարաններ ընդունուելու համար:

Փոքր տարիքէն առաձնայատուկ աշխատասիրութեամբ եւ հետաքրքրասիրութեամբ աչքի ինկած Յակոբ Թաշճեան ներկայիս նախագահն է Պէյրութի Լիբանանեան Ամերիկեան համալսարանի (LAU) Հայկական Ակումբին: