image
Հրատապ լուրեր:

Ռոհանի Հայաստանի հետ համագործակցութեան ընդլայնման կոչ ըրաւ

Ռոհանի Հայաստանի հետ համագործակցութեան ընդլայնման կոչ ըրաւ

Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանին Հայաստանի Անկախութեան օրուայ առիթով առանձին շնորհաւորական ուղերձներ յղած է Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանին եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին:

Ռոհանին կոչ ըրած է ընդլայնելու Թեհրանի եւ Երեւանի միջեւ փոխադարձ համագործակցութիւնը՝ յոյս յայտնելով, որ Թեհրանի եւ Երեւանի միջեւ վաղեմի յարաբերութիւնները հետագային եւս պիտի խորանան բոլոր ոլորտներուն մէջ, կը յայտնէ Fars գործակալութիւնը:

Իրանի նախագահը յաջողութիւն մաղթած է Հայաստանի նախագահին եւ բարգաւաճում ժողովուրդին ու երկրի կառավարութեան: