image

Իւրաքանչիւր հայու պարտքն է՝ ընել հնարաւորը հայոց անկախ պետականութեան ամրապնդման համար. Բակօ Սահակեան

Իւրաքանչիւր հայու պարտքն է՝ ընել հնարաւորը հայոց անկախ պետականութեան ամրապնդման համար. Բակօ Սահակեան

Իւրաքանչիւր Արցախի Հանրապետութեան նախագահ՝ Բակօ Սահակեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Հանրապետութեան նախագահ՝ Արմէն Սարգսեանին՝ Անկախութեան տօնի առթիւ: Այս մասին տեղեկացուց  ՀՀ նախագահի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը, ուղերձը կ'ըսէ.

«Արցախի ժողովուրդի, իշխանութիւններու եւ անձամբ իմ անունով ի սրտէ կը շնորհաւորեմ Ձեզ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 28-րդ տարեդարձի առթիւ, տօն, որ հիմնովին փոխեց հայ ժողովուրդի պատմութեան ընթացքը: Իւրաքանչիւր հայու պարտքն է՝ ընել հնարաւորը հայոց անկախ պետականութեան շարունակական ամրապնդման ու զարգացման համար: Այդ գործին մէջ մեծ է Ձեր անձնական աւանդը:

Կը մաղթեմ Ձեզի խաղաղութիւն, քաջառողջութիւն եւ մեծագոյն յաջողություններ Ձեր հայրենանուէր առաքելութեան իրականացման ճանապարհին»: