image
Հրատապ լուրեր:

Թուրք անուանի դերասանը մեծ գումար վճարած է գնելու համար Տարօն Մուրատեանի նկարները

Թուրք անուանի դերասանը մեծ  գումար վճարած  է գնելու համար Տարօն Մուրատեանի նկարները

Թուրք յայտնի դերասան, կատակերգակ, ծաղրանկարիչ եւ սենարիսթ Ճեմ Եըլմազը, թրքական մամուլի բնութագրմամբ, ամբողջ կարողութիւն մը վճարած է հայ գեղանկարիչ Տարօն Մուրատեանի կտաւները գնելու համար: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Շանթ նիւզ»-ը։

Թրքական աղբիւրի փոխանցմամբ` յայտնի կատակերգակը ոչ միայն մեքենաներու հաւաածու ունի, այլեւ 2006-էն ի վեր արուեստի մէջ մեծ ներդրումներ կատարած է: Ան իր տան մէջ կը պահէ արուեստի իւրօրինակ գործերու մեծ հաւաքածու:

Եըլմազը, մասնակցելով «Galeri 77» ցուցահանդէսին, հայ Մուրատեանի վրձինին պատկանող 2 կտաւ գնած է:

Կը նշուի, որ թուրք դերասանը հայ նկարիչի «Pequod» կտաւի համար վճարած է 66.000 տոլար, իսկ «Portre 4» կտաւի համար` 20.000 տոլար: