18 Սեպտեմբերին, արտակարգ դէպք տեղի ունեցած է Երեւանի մէջ, յայտնած է Shamshyan.com-ը։
Ժամը 21։40-ի սահմաններուն «Այրուածքներու կեդրոն» բժշկական կեդրոնէն ոստիկանութեան Շէնգաւիթի բաժին ահազանգ ստացուած է, որ «ջերմային այրուածք՝ երկրորդ, երրորդ աստիճանի դաստակներու 2 տոկոս այրուածքով» Շահամիրեան փողոցի շէնքերէն մէկու բնակարանէն իրենց մօտ տեղափոխուած են 4 քաղաքացի:
Ոստիկանները պարզած են, որ հիւանդանոց տեղափոխուածները այրուածքներ ստացած են կազի արտահոսքէն առաջացած բոցէն։
Փաստի առթիւ ոստիկանութեան Շէնգաւիթի բաժնի հետաքննչական բաժանմունքէն ներս նիւթեր կը նախապատրաստուին։ Նշանակուած է դատաբժշկական փորձաքննութիւն։