image

«Ներկայի իշխանութիւնները քանդեցին երկրի բանակը» Ընդդիմադիր գործիչ՝ Քըլճտարօղլու

«Ներկայի  իշխանութիւնները քանդեցին  երկրի  բանակը» Ընդդիմադիր  գործիչ՝ Քըլճտարօղլու

Թուրքիոյ խորհրդարանէն ներս երկրորդ քաղաքական ուժի առաջնորդ Քեմալ Քըլըչտարօղլուն, քննադատելով իշխանութիւններու վարած քաղաքականութիւնը, յայտարարած է, որ Թուրքիոյ տնտեսական վիճակը վատ է:

«Ամէն տան մէջ գործազուրկ կայ: 17 տարուան ընթացքին պէտք է թռիչք տեղի ունենար, բայց յետընթաց տեղի կ'ունենայ»,- ըսած է ան:

Ընդդիմադիր Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան առաջնորդն իշխանութիւններու՝ բանակի ոլորտի մէջ վարած քաղաքականութեան վերաբերեալ նշած է, որ բանակը «քարուքանդ ըրած են»:

«Այս երկրին մէջ գլխաւոր շտապի պետին որպէս ահաբեկիչ կը կալանաւորեն, յետոյ ազատ կ'արձակեն: Պետութեան զէնքի գործարանը կը վաճառուի Քաթարին, կը մասնաւորեցուի: ԱՄՆ-ի մէջ նաւահանգիստ մը վաճառուեցաւ սէուտցիներուն, բոլորը իրար խառնուեցան, իսկ այստեղ զէնքի գործարան կը վաճառուի»,- նշած է ան:

Աւելի վաղ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն քննադատութեան ենթարկածէր Ժողովրդահանրապետական կուսակցութենէն պատգամաւոր Ապտուլլաթիֆ Շեները՝ յայտարարելով, որ 17 տարի միանձնեայ իշխանութիւն հանդիսացող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութիւնը երկիրը վատ կառավարած է: