image
Հրատապ լուրեր:

Էրէբունի ամրոցի տարածքին մէջ յայտնաբերուած է նոր տաճար

Էրէբունի ամրոցի տարածքին մէջ յայտնաբերուած է նոր տաճար

Հայկական եւ ֆրանսական արշաւախումբերը 2008 թուականէն ի վեր Էրեբունի ամրոցի տարածքին մէջ  համատեղ պեղումներ կ'իրականացնեն շնորհիւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց եւ եւրոպական հարցերու նախարարութեան եւ Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանութեան, ինչպէս նաեւ Երեւանի քաղաքապետարանի, Էրեբունի թանգարանի եւ Հայաստանի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկներու աջակցութեան : Հնագիտական արշաւախումբը կը ղեկավարեն մշակութային ժառանգութեան պահապան Ստեֆան Տեշամը եւ Էրեբունի թանգարանի եւ հնավայրի տնօրէն Միքայէլ Բադալեանը :

2019 -2022 թուականներուն հետազօտութիւններու նոր ծրագիրը կը նախատեսէ շարունակել պեղումները գլխաւոր կառոյցի մօտ եւ անոր շրջակայքը: Արդէն իսկ պեղուած են նոր տաճարի հիմքերը, որու հետ միասին տաճարներու թիւը կը հասնի երեքի եւ հնարաւոր կը դարձնէ այն որակել «պաշտամունքային համալիր»: 

Հետազօտութիւններուն զուգահեռ, ծրագիրը կը դիմէ մշակութային ժառանգութեան ոլորտին մէջ կիրառուող նոր արհեստագիտական սարքերու օգնութեան: Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանութեան աջակցութեամբ, Aird’Eco Drone մասնագիտացուած ընկերութիւնը  12 եւ 13 Սեպտեմբերին իրականացուցած է LIDAR (Light detection and ranging) տեղանքի գծահանում հնավայրի եւ յարակից տարածքուն մէջ:

Տրոնով իրականացուող այս թեքնիքը հնարաւորութիւն կու տայ ստանալ տարածքի բացարձակ ճշգրիտ տեղագրական գծահանումը : Այնուհետեւ գծահանման աւելի քան 150 միլիոն կէտերը կը մշակուին՝ թոյլ տալով ստանալ տարածքի 3D թուային մոտելը: Լազերային հետազօտութեան աշխատանքները պիտի շարունակուին 2020 թուականին: Այս գործիքները, Էրեբունի թանգարանի համագործակցութեամբ, յետագային հնարաւորութիւն պիտի տան այցելուներուն ներկայացնելու հնավայրի 3D մոտելաւորումը անոր պատմութեան տարբեր փուլերուն եւ վերանայելու այս հիանալի մշակութային ժառանգութեան արժեւորումը, որ կը նշանաւորէ Երեւան քաղաքի ակունքները :