image
Հրատապ լուրեր:

Պոլիս. Սկիւտարի մէջ Խաչվերացի տօնը նշուեցաւ

Պոլիս. Սկիւտարի մէջ Խաչվերացի տօնը նշուեցաւ

Խաչվերացի տօնին առթիւ Պոլսոյ եկեղեցիներուն մէջ ստեղծուած է խանդավառ մթնոլորտ։ Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցին, ուր տաղաւարի արարողութիւններուն նախագահած է Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, ժամադրավայրը դարձած էր հոծ թիւով հաւատացեալներու։

Խաչվերացի տօնին առթիւ նորին սրբազնութիւնը մատուցած է Ս. Պատարագ եւ տուած օրուան պատգամը։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին առընթերակայ էին Տ Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան եւ Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։

Զանազան թաղերէ փութացած համայնքի անդամները միացած են Սկիւտարի հաւատացեալներուն եւ բոլորն ալ հոգեւոր մեծ հրճուանք ապրեցած տաղաւարի օրով։

Ս. Պատարագէն վերջ եկեղեցւոյ բակին մէջ արարողութիւնները շարունակուած են բացօթեայ եւ աւանդութիւնները հերթական անգամ գտած են իրենց շարունակութիւնը Սկիւտարի բարձունքին։

Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը հաւատացեալ ժողովուրդին համար պատրաստած էր նաեւ մատաղի միս։