«Մանկական Եւրատեսիլ-2019» միջազգային մրցոյթին Հայաստանը պիտի ներկայացնէ Քարինա Իգնատեանը իր «Colours of Your Dream» երգով։ Այս մասին կը յայտնի դարձած է «Դէպի Մանկական Եւրատեսիլ»-ի եզրափակիչ փուլին, որ հեռարձակուած է Հանրային հեռուստատեսութեան ուղիղ եթերին։
Այս տարի մրցոյթին կը մասնակցէր 10 պատանի արուեստագէտ, որոնց մէջէն յաղթողը ընտրուած է մասնագիտական միջազգային ժիւրիի, մանկական միջազգային ժիւրիի եւ հանդիսատեսի քուէարկութեան արդիւնքով։
2018-ին Հայաստանը միջազգային մրցոյթին ներկայացուցած էր Լեւոն Գալստեանը, որ զբաղցուցած էր 9-րդ հորիզոնականը՝ ստանալով 125 միաւոր։ 12-ամեայ կատարողը ներկայացած էր L.E.V.O.N․ երգով։
«Մանկական Եւրատեսիլ 2019»-ը տեղի պիտի ունենայ 24 նոյեմբերին՝ Լեհաստանի մէջ: