image

Տաւութօղլուն դուրս եկաւ Էրտողանի կուսակցութենէն... Եւ ոչ միայն

Տաւութօղլուն  դուրս եկաւ Էրտողանի կուսակցութենէն... Եւ ոչ միայն

Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան փոխնախագահ Եըլտըրըմ Քայան, մեկնաբանելով իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութենէն Թուրքիոյ նախկին արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի դուրս գալու հանգամանքը, յայտարարած է, որ ան միակը չէ: Այս մասին կը գրէ artigercek.com-ը:

«Ահմեթ Տաւութօղլուն միակը չէ, որ դուրս կու գայ իշխող կուսակցութենէն, տարբեր նահանգներու մէջ բազմաթիւ մարդիկ դուրս կու գան այդ կուսակցութենէն, քանի որ լուծումներ չեն տեսներ: Ահմեթ Տաւութօղլուն տեսած է այդ փլուզումը»,- յայտարարած է ան:

Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ նախկին արտաքին գործոց նախարարը յայտարարած էր իշխող կուսակցութենէն դուրս գալու մասին: Ան, քննադատելով Էրտողանի կուսակցութեան մէջ առկայ արժէքները, նշած էր. «Ցուցանակները անցողիկ են, մնայուն են մեր կեանքը եւ պայքարը իմաստալից դարձնող արժէքները: Եւ կուսակցութիւնները իմաստ կը կրեն այնքան ժամանակ, որ կը ծառայեն այս արժէքներուն: Մենք պիտի շարունակենք մնալ այս արժէքներու պաշտպանն ու խօսնակը»: