image

Արկածի ենթարկուած վեցամեայ երեխան հրաշքով փրկուած է

Արկածի ենթարկուած վեցամեայ երեխան հրաշքով  փրկուած է

«Սուրբ Աստուածամայր» հիւանդանոցին  մէջ հրաշքով փրկած են  արկածի  ենթարկուած 6-ամեայ Գրիգորի  կեանքը: Այս մասին կը տեղեկանանք «Սուրբ Աստուածամայր» հիւանդանոցի  դիմատետրի  էջէն։

 

«Շաբաթը կ՛ամփոփենք հերթական բարի եւ լաւ լուրով: «Սուրբ Աստուածամայր» հիւանդանոցին մէջ հրաշքով փրկած են   արկածի ջենթարկուած 6-ամեայ Գրիգորին կեանքը։

27 օգոստոսին Աշտարակի մէջ  արկած  տեղի ունեցած էր: Երախեն խանութ երթալու ժամանակ չէր նկատած ինքնաշարժը, այդ բանի հետեւանքով տեղի ունեցած էր ցաւալի դէպքը։ Վարորդը փախուստի չէր դիմած, իր ինքնաշարժով ալ երեխան հասցուցած էր Աշտարակի հիւանդանոց, ուրկէ ալ ծայրահեղ ծանր վիճակով տեղափոխուած էր Երեւան՝ «Սուրբ Աստուածամայր»   հիւանդանոց։

Երեխային  մօտ ախտորոշուած էր ներքին արիւնահոսութիւն, թէ’ կրծքավանդակի եւ թէ’ որովայնի խոռոչին մէջ, որը պայմանաւորուած էր լէարդի մեծ վնասումով։ Երեխան անմիջապէս վիրահատուած էր։

«Մենք շատ ոգեւորուած ենք, ապշած ենք, որ յաջողեցաւ այսպիսի ծանր արիւնահոսութեան պարագային փրկել երեխայի կեանքը»,- կը պատմէ «Սուրբ Աստուածամայր» հիւանդանոցի տնօրէն ՝ Նիկոլայ Դալլաքեանը:

«Մենք եւ բժիշկները զարմացած էինք, որ այդքան շուտ դրական փոփոխութիւն եղաւ անոր մօտ»,- կը պատմէ երեխայի հայրը։

Այսօր արդէն Գրիգորը դուրս եկաւ հիւանդանոցէն: Առողջութիւն փոքրիկին, շնորհակալութիւն բժիշկներուն»,- գրուած   դիմատետրի   էջին վրայ: