image

Ռիատ իր կապերը կը բարելաւէ Կիպրոսի հետ

Ռիատ իր կապերը կը բարելաւէ Կիպրոսի հետ

Սէուտական Արաբիան կը ձգտէ ամրապնդել Կիպրոսի հետ յարաբերութիւնները՝ հաշուի առնելով ԵՄ անդամ երկրի աշխարհագրական դիրքը եւ արաբական աշխարհի հետ  այդ երկրի վաղեմի  կապերը: Այդ մասին յայտարարած է Սէուտական  Արաբիոյ  արտաքին գործերու նախարար Իպրահիմ ալ Ասաֆը  Կիպրոսի մէջ։

 

Սէուտցի նախարարին խօսքով կայ մեծ հետաքրքրուածութիւն Կիպրոսի հետ յարաբերութիւնները զարգացնելու առումով: Ան նշած է, որ Սէուտական Արաբիան կը սատարէ Կիպրոսի ինքնիշխանութիւնը եւ Կիպրական խնդրի շուրջ ՄԱԿ-ի որոշմանը, եւ յոյս յայտնած է, որ կողմերը խնդիրը պիտի լուծեն խաղաղ ճանապարհով:

 

«Հաշուի առնելով Կիպրսի բացառիկ տնտեսական գօտիին վրայ վերջերս տեղի ունեցած իրադարձութիւնները եւ, մասնաւորապէս, Թուրքիոյ անօրինական գործունէութիւնը եւ թշնամական վարքը՝ անհրաժեշտ է համերաշխութիւնը եւ աջակցութիւնները այնպիսի երկրներու կողմէն, ինչպիսին է Սէուտական Արաբիան»,- հանդիպման ընթացքին ըսած է Կիպրոսի ԱԳ նախարար Նիկոսոմ Խրիստոդուլիդեսը։

Թուրքիան, որը գրաւած է Կիպրոսի հիւսիսային մասը, կը համարէ, որ իրաւունքներ ունի Կիպրոսի բացառիկ տնտեսական գօտիին վրայ յայտնաբերուած նաւթի եւ կազի պաշարներու հարցին մէջ:

 Նշենք, որ  Թուրքիոյ եւ Սէուտական   արաբիոյ միջեւ յարաբերութիւնները  լարուած    պատկեր մը ունին   յատկապէս,  երբ անցնող  հոկտեմբերին Պոլսոյ  Սէուտական Արաբիոյ հիւպատոսութեան մէջ սպանուած էր սէուտցի այլախոհ  լրագրող եւ արքայազնի  քննադատ Ժամալ Խաշըքճին։