image
Հրատապ լուրեր:

Պոլիս. Վերանորոգուած է Սամաթիոյ Սուրբ Գէորգ պատմական եկեղեցին

Պոլիս. Վերանորոգուած է Սամաթիոյ Սուրբ Գէորգ պատմական եկեղեցին

Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցին, որ բարեզարդման աշխատանքներու պատճառաւ պաշտամունքի փակուած էր, նախընթաց օր, ձեռամբ Պատրիարաքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի, պաշտամունքի վերաբացուեցաւ։ Այս մասին կը հաղորդէ Պոլսոյ «Ժամանակ» թերթը:

Բացման ներկայ էին Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան, Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան, Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Տ. Անդրէաս Ա. Քհնյ. Յակոբեան, Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Չընարեան, Տ. Զաւէն Քհնյ. Պըչաքճեան, Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան, Տ. Զաքար Քհնյ. Քոփարեան, Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան, Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան, Խաչիկ Սրկ. Սարըլը, Գէորգ Սրկ. Ներկիզ, Ալէն Տիրան Սրկ. Ներկիզ եւ Ժիլպէռ Սրկ. Քարափեքմէզ։ Արարողութեան ներկայ էին նաեւ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի պատուոյ ատենապետ Մելքոն Քարաքէօսէ, ատենապետ Եսայի Տեմիր եւ գործակից ընկերները, Սահակեան-Նունեան վարժարանի զոյգ տնօրէնները, ինչպէս նաեւ թաղեցիներ ու հաւատացեալ ժողովուրդը։

Տեղապահ սրբազան հայրը յետմիջօրէին զանգակներու ղօղանջներու ներքեւ եկեղեցւոյ մուտքին դիմաւորուեցաւ  ներկայ հոգեւորականներու, թաղային խորհուրդի անդամներու կողմէ։ Ապա սկսաւ պաշտամունքի վերաբացման արարողութիւնը։

Տեղապահ սրբազան հօր գլխաւորած թափօրը, թաղային խորհուրդի սենեակէն ուղղուեցաւ դէպի եկեղեցւոյ մայր դուռը, ուր կատարուեցաւ դռնբացէքի արարողութիւն։ Ապա ներկաներ զանգակներու ղօղանջով ու «Զողորմութեան քո զդուռն բաց մեզ Տէր» շարականի երգեցողութեամբ, մուտք գործեցին եկեղեցի։ Արտասանուած նաւակատիքի արարողութեան աղօթքներէն ետք նորին սրբազնութիւնը Սրբալոյս Միւռոնով օծեց Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ աւագ խորանը, առաջադրութեան սեղանն ու պահարանը, Ս. Թադէոս եւ Բարթողիմէոս առաքեալներու նուիրուած Ս. Սեղանը, Ս. Յովակիմ եւ Աննայի նուիրուած Ս. Սեղանը, Ս. Մինասի նուիրուած Ս. Սեղանը, մկրտութեան աւազանը, Ս. Յարութեան նուիրուած Ս. Սեղանը եւ ի վերջոյ Ս. Գէորգ զօրավարին նուիրուած Ս. Սեղանը։ Ապա կատարուեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն։

Արարողութեան աւարտին՝ նորին սրբազնութիւնը քարոզեց եւ ուրախութիւնը յայտնեց եկեղեցւոյ մէջ կատարուած բարեզարդման աշխատանքներու կապակցութեամբ։ Իր խօսքերուն մէջ մասնաւորապէս շեշտեց բարի նախանձ ունենալու գաղափարը եւ յայտնեց, թէ մարդիկ կը նախանձին այն բաներուն, որոնք մասնաւորապէս իրենց կը պատկանին։

Իր խօսքերու աւարտին սրբազան հայրը թաղային խորհուրդին աշխատութիւնը վեր առաւ եւ յայտնեց, թէ անոնք կրցած էին եկեղեցին փառաւոր վիճակի մէջ բերել։ Դրուատալից արտայայտութիւններով գնահատեց նաեւ Սահակեան դպրաց դասն ու սարկաւագաց դասը, որոնց սպասաւորութեամբ միշտ Աստուծոյ խօսքը կը հնչէ եկեղեցւոյ մէջ։

Արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ միասնաբար երգուած Տէրունական աղօթքով։

Նորաօծ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ անդրանիկ Ս. Պատարագը պիտի մատուցուի 15 սեպտեմբեր, կիրակի առաւօտ, Վերացման Ս. Խաչի տաղաւարին՝ նախագահութեամբ տեղապահ սրբազան հօր։