image

«Հայ Դատ»ի մարմինը պիտի պատուէ Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Յովնան Արք. Տէրտէրեանը

«Հայ Դատ»ի  մարմինը  պիտի պատուէ  Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի  Առաջնորդ Յովնան Արք. Տէրտէրեանը

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ որոշած է 20 Հոկտեմբերին տեղի ունենալիք տարեկան իր ձեռնարկին ընթացքին «Խրիմեան Հայրիկ» մրցանակը շնորհել Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանին։

Սոյն մրցանակը կը շնորհուի արդարութեան, ճշմարտութեան եւ մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան համար աշխատանք տարած կրօնական անձնաւորութիւններու:

«Տէրտէրեան արքեպիսկոպոսը տասնամեակներու իր սպասարկութիւններով մարմնաւորումը կը հանդիսանայ հայ ժողովուրդին օրինակելի ծառայութիւն մատուցող նուիրեալ կրօնականի մը եւ տարբեր առիթներով մօտէն գործակցած է Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին հետ», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան:

Թեմակալ առաջնորդը ծնած է 1957ին, Պէյրութ, Լիբանան։ Ան շրջանաւարտ է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Պիքֆայայի Դպրեվանքէն։ Ան ուսումը շարունակած է Ս. Էջմիածինի մէջ, ուր վարդապետ ձեռնադրուած է Վազգէն Ա. կաթողիկոսի ձեռամբ։ Աստուածաբանական ուսումը շարունակած է Օքսֆըրտ համալսարանին մէջ, արժանանալով Մագիստրոսի տիտղոսին։

1990ին ան նշանակուած է Գանատայի Հայոց թեմի առաջնորդ եւ յաջորդաբար եպիսկոպոս եւ արքեպիսկոպոս ձեռնադրուած։

Յովնան արք. Տէրտէրեան դարձաւ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ, զգալիօրէն ընդարձակելով անոր գործունէութեան դաշտը եւ զարկ տալով եկեղեցաշինութեան՝ Փորթլընտի, Սիէթըլի, Լաս Վեկասի, Սաքրամենթոյի, Սքաթստէյլի, Ռանչու Միրաժի եւ Սանթա Քլարիթայի մէջ։ Ան նաեւ Գարեգին Բ. կաթողիկոսին կողմէ նշանակուած էր ատենապետ թէ՛ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկի կազմակերպման եւ թէ Ս. Էջմիածինի Մայր տաճարի վերանորոգութեան յանձնախումբերուն։

Ան նաեւ զարկ տուած է թեմի շաբաթօրեայ եւ կիրակնօրեայ դպրոցներու ծրագրներուն եւ իրականանցուցած՝ երիտասադութեան յատուկ շարք մը նախաձեռնութիւններ։

Յովնան արք. Տէրտէրեան նաեւ մօտէն կը գործակցի շրջանի Հայց. առաքելական, աւետարանական եւ կաթողիկէ համայնքներուն հետ։

Հայ Դատի յանձնախումբի տարեկան ձեռնարկը առիթ մըն է քննելու Հայ Դատի վերջին մէկ տարուան գործունէութիւնը եւ պատուելու Հայ Դատին ի նպաստ գործունէութիւն ծաւալած գործիչներ, մտաւորականներ, արուեստագէտներ եւ քաղաքական անձնաւորութիւններ:

Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Պեվըրլի Հիլզի «Հիլթըն» պանդոկի սրահին մէջ:

Յաւելեալ տեղեկութեանց, տեղեր ապահովելու կամ հովանաւորութեան կարելիութեանց ծանօթանալու համար՝ այցելել https://ancawr.org/gala2019 կայքէջը, դիմել (818) 500-1918 թիւին կամ info@ancawr.org հասցէին: