image

Քարվաճառի մէջ «Մեղրի փառատօն»

Քարվաճառի մէջ «Մեղրի փառատօն»

Շահումեանի Քարվաճառ քաղաքին մէջ, 14 Սեպտեմբերին, առաջին անգամ ըլլալով տեղի պիտի ունենայ «Մեղրի փառատօն»:

Փառատօնի միտքը յղացած է Շահումեանի շրջանի վարչակազմի ղեկավար Գագիկ Մարտիրոսեանը:

Փառատօնի մասնակիցները հնարաւորութիւն պիտի ունենան վայելելու Շահումեանի շրջանի մեղրը, ինչպէս նաեւ համտեսելու աւանդական ճաշատեսակներն ու քաղցրեղէնը: Ծրագրին մէջ ընդգրկուած է նաեւ մշակութային մաս:

Աւելցնենք, որ փառատօնի համար պիտի գործէ անվճար փոխադրամիջոց. Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակէն, ժամը` 08:00-ին, 2 հանրակառք պիտի շարժին դէպի Քարվաճառ։