image
Հրատապ լուրեր:

Յայտնի դարձած է Շումախըրի հիւանդանոց մուտք գործելուն պատճառը

Յայտնի դարձած է Շումախըրի հիւանդանոց մուտք գործելուն պատճառը

Մանրամասներ յայտնի դարձած են հանրայայտ գերմանացի մրցարշաւորդ, Ֆորմուլա 1-ի 7-ակի ախոյեան Միխայիլ Շումախըրի հիւանդանոց տեղափոխուելուն մասին:Այս մասին կը հաղորդէ SHANTNEWS.am-ը:

Ինչպէս կը յայտնէ բրիտանական Daily Mail-ը, մարզիկը տեղափոխուած է Փարիզի հիւանդանոցներէն մէկը, ուր ան սրտի վիրահատութեան պիտի ենթարկուի:

Աղբիւրի փոխանցմամբ՝ կը նախատեսուի սիրտի հիւսուածքի մէջ ցողունային բջիջներու ներդրման վիրահատութիւն իրականացնել: Միջամտութեան ամբողջ ընթացքը պիտի ղեկավարէ վիրաբոյժ, փրոֆեսըր Ֆիլիփ Մանաշէն:

Աւելի վաղ հաղորդուած էր, որ Ֆորմուլա 1-ի եօթակի ախոյեան Միխայիլ Շումախըրը Զուիցերիայէն տեղափոխուած է փարիզեան դարմանատուներէն մէկը: Տեղափոխման պահին անոր դեմքն ու  մարմինը փակուած եղած է: