image

Կրասնոտար. Ինքնաշարժի արկածի հետեւանքով զոհուած է 4 անձ, որոնց 3-ը հայաստանցիներ են

Կրասնոտար.  Ինքնաշարժի արկածի հետեւանքով զոհուած է 4 անձ, որոնց  3-ը  հայաստանցիներ են

 

Կրասնոտարի մարզի Արմաւիրի մերձակայքը տեղի ունեցած ինքնաշարժի վթարի հետեւանքով զոհուած է Արմաւիրի բնակիչ, Nissan Qashqai-ի 65-ամեայ վարորդը, ինչպէս նաեւ Opel Zafira մեքենայի մէջ գտնուած երեք մարդ՝ Հայաստանի քաղաքացիներ 35-ամեայ վարորդը, 31-ամեայ եւ 81-ամեայ ուղեւորուհիները, կը հաղորդէ news.am-ը:

 

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ Opel Zafira-ի 9-ամեայ ուղեւորուհին, որ եւս Հայաստանի քաղաքացի է, տեղափոխուած է Արմաւիրի քաղաքային հիւանդանոց:

Ոստիկանութեան աշխատակիցները կը պարզեն դէպքի հանգամանքները:

Վթարը տեղի ունեցած է 23 օգոստոսին, ժամը 17:40-ի շուրջ, «Կաւկազ» դաշնային ճանապարհի 172-րդ քիլոմեթրի վրայ՝ Զաւետնի գիւղի մօտ: