image

Գերմանիոյ մէջ մահացած է հալէպահայ՝ Սագօ Գիւրիմլեանը

Գերմանիոյ մէջ մահացած է հալէպահայ՝  Սագօ  Գիւրիմլեանը

Գերմանիոյ մէջ իր մահկանացուն կնքած է հալէպահայ   երիտասարդ՝  Սագօ Գիւրիմլեանը։

«Արեւելք»  այս մասին տեղեկութիւն ստացաւ  հանգուցեալի հարազատներէն։

Մեր ունեցած  տուեալներով,     հանգուցեալը   Գերմանիա  մեկնած էր բուժուելու նպատակով։

Սուրիոյ   պատերազմէն  ետք    Հալէպ ծնած  հայորդին  երկար տարիներ մաս կազմած էր  Հալէպի «Համազգային»ի   պարախումբին  ունենալով բարեկամներու  եւ ընկերներու լայն շրջանակ մը։ Սուրիոյ պատերազմէն  ետք  ան Երեւան հաստատուելով     դարձած էր «Սթար»    մարզասրահի   բաժնետէրէրն մին։

Հանգուցեալի  հոգեհանգստեան կարգը   կատարուած է    այսօր  Երեւանի Սուրբ  Գրիգոր  Լուսաւորիչ   Տաճարին  մէջ։