image

Ծանր արկած Երեւանի մէջ. Փրկուած է Հրակ Արթինեանը (Լուսանկար)

Ծանր  արկած  Երեւանի մէջ. Փրկուած է  Հրակ  Արթինեանը  (Լուսանկար)

Չորս երիտասարդներ, որոնք    խրախճանքի մը աւարտին     տուն կը  վերադառնային, Երեւանի մէջ բախած են     ելեքտրական   սիւնի  մը, որուն  հետեւանքով ալ      ծանրօրէն վիրաւորուած եւ   հիւանդանոց փոխադրուած է    Հրակ  Արթինեանը։

Այս  մասին «Արեւելք»   տեղեկութիւն  ստացաւ Հրակի  հարազատներէն,  որոնք նաեւ  նշեցին, որ  Հրակին  փրկուիլը համազօր էր հրաշքի։

Ներկայիս  Հրակ կը շարունակէ   մնալ  հիւանդանոցի մէջ,   անոր մօտ կան  ոսկրային կոտրուածքներ,   որոնք սակայն  մտահոգիչ  բնոյթ  չեն կրեր։

Նշենք, որ  Հրակ   որդին է   պէյրութահայ   գործարար եւ վերջին տարիներուն Երեւան հաստատուած  Վիգէն  Արթինեանին։

 

«Արեւելք»  առողջութիւն կը  մաղթէ   պէյրութահայ երիտասարդին։


 

Արեւելք Լրատուական-ի լուսանկարը: