image

Ստեփանակերտի, Երեւանի եւ Գիւմրիի մէջ տեղի պիտի ունենայ «Մաեսթրօ Մանսուրեան» խորագրով համերգաշար

Ստեփանակերտի, Երեւանի եւ Գիւմրիի մէջ տեղի պիտի ունենայ «Մաեսթրօ Մանսուրեան» խորագրով համերգաշար

1-13 Սեպտեմբեր պիտի կայանայ «Մաեսթրօ Մանսուրեան» խորագրով համերգաշար՝ նուիրուած ՀՀ ժողովրդական արուեստագէտ, երգահան Տիգրան Մանսուրեանի 80-ամեայ յոբելեանին։ Ինչպէս «Արմէնբրես»-ին յայտնած են Հայաստանի պետական սիմֆոնիք նուագախումբէն, երգահանի բազմաժանր ստեղծագործութիւնները ներառող համերգները տեղի պիտի ունենան Երեւանի, Ստեփանակերտի եւ Գիւմրիի մէջ:

Համերգաշարը կը  ներկայացնէ Երեւանի քաղաքապետարանը՝ ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սփորթի նախարարութեան աջակցութեամբ: Հայաստանի պետական սիմֆոնիք նուագախումբը՝ գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր տիրիժոր Սերկէյ Սմբատեանի ղեկավարութեամբ առաջին անգամ պիտի ներկայացնէ Մանսուրեանի յայտնի մեղեդիները նոր գործիքաւորմամբ։

Հինգ համերգներու ընթացքին պիտի հնչեն Մանսուրեանի շարժանկարի երաժշտութիւնը, սիմֆոնիք եւ քամերային ստեղծագործութիւնները։