Շատ հաւանական է, որ ԱՄՆ նախկին նախագահ Պարաք Օպամա Հայաստան այցելէ։ Օպամա մասնակից պիտի ըլլայ Երեւանի մէջ Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու համաշխարհային 23րդ համագումարին (The World Congress on Information Technology (WCIT))։
Ի դէպ այս մասին դիմատետրի գրառում կատարած է համագումարի կազմակերպիչներէն՝ Ալեքսանդր Եսայեան:
Նշենք, որ WCIT 2019 համաժողովը տեղի պիտի ունենայ Երեւանի մէջ, 6-9 Հոկտեմբերին, Հայաստանի կառավարութեան հովանաւորութեամբ եւ աջակցութեամբ:
Համաշխարհային մակարդակով այս ժողովը կը կազմակերպէ Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու եւ սպասարկութիւններու համաշխարհային դաշինքը (WITSA)։ Համագումարը վարելու պարտականութիւնը ստանձնած է «Reddit» կայքի եւ «Initialized Capital» կազմակերպութեան հիմնադիր Ալեքսիս Օհանեան, իսկ մասնակցողներու շարքին պիտի ըլլան տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու ոլորտի մասնագէտներ, պաշտօնական անձեր եւ յառաջատար ընկերութիւններու բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ: