image

Կարօ Փայլանէն դատապարտում «Եթէ լռենք հերթը Պոլիսինն է»

Կարօ Փայլանէն դատապարտում «Եթէ  լռենք հերթը Պոլիսինն է»

Թուրքիոյ քրտական «Ժողովուրդներու  դեմոկրատական» կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը դատապարտած է թրքական իշխանութիւններու կողմէ Վանի, Մարտինի եւ Տիարպէքիրի քաղաքապետներուն պաշտօններէն հեռացումը։

«4 ամիս առաջ ճնշող մեծամասնութեան ձայներով ընտրուած քաղաքապետները հեռացուած են պաշտօնէն անօրինական ձեւով։ Լռելու պարագային հերթը Պոլիսինն է ու Անգարայինը»,–գրած է Կարօ Փայլանը։

Նշենք, որ բացի երեք քրտաբնակ քաղաքապետները պաշտօններէ հեռացնելը, թրքական ոստիկանութիւնը ձերբակալած  է 418 քիւրտ գործիչ։