image

Լոս Անճելոսի մէջ յատուկ շնորհակալագիր Շամլեան ամոլին

Լոս Անճելոսի մէջ  յատուկ   շնորհակալագիր  Շամլեան  ամոլին

10 oգոստոսին, Լոս Անճելոսի  ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս, դեսպան` Արմէն Պայպուրտեան, տիկնոջ՝ Իւեթ Պայպուրտեանի հետ միասին, Ֆրեզնոյի մէջ տեղի ունեցած միջոցառման ժամանակ, ամերիկահայ հանրայայտ բարերարներուն՝ Վահան եւ Անոյշ Շամլեաններուն յանձնած է յատուկ շնորհակալագիր, որ շնորհուած է իրենց Լոս Անճելոսի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութեան հիմնադրման 25 ամեայ յոբելեանի առթիւ:

 Տէր եւ տիկին Շամլեանները նշանակալից աջակցութիւն ցուցաբերած են Լոս Անճելոսի ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութեան, ինչպէս նաեւ մայր հայրենիքին՝ Հայաստան համահայկական հիմնադրամի եւ բազմաթիւ այլ ծրագրերու միջոցով: Դեսպան Արմէն Պայպուրտեանը իր խոր երախտագիտութիւնը յայտնած է Վահան եւ Անոյշ Շամլեաններուն եւ շեշտած, որ «Շամլեան ընտանիքի կատարած գործն ու առատաձեռնութիւնը ոգեշնչող են ամբողջ Քալիֆորնիահայ համայնքի համար»: