image

Մանկասայլակներով երթ՝ «Ո՛չ Ամուլսարի շահագործման» կարգախօսով

Մանկասայլակներով երթ՝ «Ո՛չ Ամուլսարի շահագործման» կարգախօսով

Քասքատի յարակից տարածքին խումբ մը կանայք մանկասայլակներով արշաւ կ'իրականացնեն՝ ընդդէմ Ամուլսարի հանքի շահագործման:

«Մենք կ'ուզենք մեր երեխաներուն ժառանգել մաքուր Հայաստան: Մեր երեխաներուն փոքր տարիքէն կ'ուզենք սորվեցնել տէր կանգնիլ սեփական իրաւունքներուն: Մենք այսօր պիտի երթանք նաեւ Բաղրամեան 26, ուր տեղի պիտի ունենայ վարչապետի եւ ջերմուկցիներու հանդիպումը, կ'ուզենք մեր զօրակցութիւնը յայտնել անոնց»,-լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է մանկասայլակներով արշաւի մասնակիցներէն մէկը:

Անոնք մանկասայլակներու վրայ ամրացուցած են «Ամուլսարը սար է եւ վերջ», «Ապագան առանց հանքերու» գրառմամբ պաստառներ:

Արշաւի մասնակիցները կը շարժին դէպի Բաղրամեան 26, ուր Ամուլսարի հանքի շահագործման դէմ այլ արշաւ կ'ընթանայ: