image

Արմին Վան Պիւրէն ելոյթ պիտի ունենայ Երեւանի մէջ

Արմին Վան Պիւրէն ելոյթ պիտի ունենայ Երեւանի մէջ

«Տեղեկատուական արհեստագիտութեան համաշխարհային համաժողով»-ը (WCIT) այս տարի տեղի պիտի ունենայ  հոկտեմբերին՝ Երեւանի մէջ, որու ծիրէն ներս բազմաթիւ միջոցառումներ պիտի կատարուին,  նաեւ՝  մշակութային։

Լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ կազմակերպիչները յայտնեցին, որ Հանրապետութեան հրապարակին մէջ, 6 հոկտեմբերին, ելոյթ պիտի ունենայ համաշխարհային հռչակ վայելող հոլանտացի տիՃէյ (DJ)  Արմին Վան  Պիւրըն (Armin van Buuren), որ կը հանդիսանայ «Կրեմմի» մրցանակակիր, կ'աշխատի «թրանս» ոճի մէջ:

Ան մեծ լսարան ունի աշխարհով մէկ, մօտ 40 միլիոն երկրպագու։ Ան իր ոճի մէջ միակ Տիճէյն է, որու թեկնածութիւնը առաջադրուած է «Կրեմմի» մրցանակին համար։


Լուրը՝ news.am կայքէն: