image

10 հիւանդութիւն, որոնց մասին կը նախազգուշացնէ մեր լեզուն

10 հիւանդութիւն, որոնց  մասին կը  նախազգուշացնէ մեր լեզուն

Լեզուն մարդու ներքին օրկաններու հայելին է: Անոր ամէն մէկ հատուած կապ ունի որեւէ օրկանի մը հետ:

1. Լեզուի ծայրի կարմրութիւնը կը վկայէ սրտի աշխատանքի թուլութեան մասին, որ կրնայ իշեմիկ հիւանդութեան պատճառ դառնալ:

2. Դեղին փառը ազդանշան է, որ լեարդը ծանրաբեռնուած է:

3. Լեզուի հիմքի հաստ փառը, աղիքա-ստամոքսային համակարգի եւ երիկամներու աշխատանքի խանգարման նշանն է:

4. Լեզուի վրայի ճաքերը կրնան վկայել արեան եւ ներզատիչ գեղձերու համակարգի հիւանդութիւններու մասին:

5. Չոր լեզուն տենդային վիճակի ուղեկիցն է, երկարատեւ վարակային հիւանդութեան ընթացքին՝ օրինակ, չբուժուած պրոնխիթի (փողակացաւ) կամ ցիստիթի (միզափշտի բորբոքում) ախտանիշ:

6. Կապտամանիշակագոյն լեզուն կը վկայէ, որ մարմինը բաւարար թթուածին չի ստանար, կամ ալ առկայ է պրոնխա-թոքային հիւանդութիւն:

7. Հարթ լեզուն լեղապարկի խնդիրներու ախտանշանն է: Իսկ լեղարտադրութեան աշխատանքի խանգարումի պատճառաւ լեզուն կը դառնայ կանաչաւուն, բերանը՝ դառնահամ:

8. Երբ լեզուին վրայ կը յայտնուին վառ կարմիր հետքեր, ուրեմն առկայ է դիւրազգացութիւն (allergy) որեւէ սնունդի կամ դեղի հանդէպ:

9.Կոշտ, ալիքաձեւ լեզուն նիւթափոխութեան խանգարումներու, ենթաստամոքսային գեղձի, շաքարախտի նշանն է:

10. Երբ լեզուն չի կրնար յստակ զգալ կերակուրի համը, լեզուի ընկալիչները բնական չեն աշխատիր, ուրեմն խանգարուած է ջղային համակարգը, առկայ է տեւական լարուածութիւն: