image

Ծանր արկած Խանասէր ճամբուն վրայ. Կան զոհեր

Ծանր  արկած   Խանասէր   ճամբուն վրայ. Կան զոհեր

Երկու  ծանր  արկածներ  գրանցուած են  Հալէպը  Դամասկոսին  կապող   ցամաքային գլխաւոր ճանապարհին  վրայ։  Այս  մասին  լուրը  կը հաղորդէ   «Շապաքաթ  ախպար  Հալապ»   էջը։ Աղբիւրը  նաեւ կը  նշէ, որ     առաջին արկածին պատճառով վիրաւորուած են      ինքնաշարժին մէջ եղող  մէկ   ընտանիքի  անդամները։

 Կը  նշուի նաեւ, որ   վիրաւորեալներէն մին    եղած է  քաղցկեղով  հիւանդ   երեխայ մը։

   Նոյն  ժամերուն   այդ  շրջանէն   անցնող   մարզական  ակումբի մը անդամները   յաջողած են  արագօրէն օգնութեան հասնիլ եւ անհրաժեշտ   բուժօգնութիւն տրամադրել վիրաւորուածներուն։

 Աղբիւրը  նոյնպէս կը նշէ, որ   առաջին արկածէն քիչ անց      գրանցուած է  երկրորդ  արկած  մը,    որուն հետեւանքով  զոհուած են  երկու անձեր, եւ  երեք ուրիշներ վիրաւորուած են։

  Երկու արկածներն ալ  տեղի ունեցած են  Խանասէրի  Ասրիա  հատուածին  վրայ։