Երեւանի Ազատութեան հրապարակին մէջ մեծ հանդիսութեամբ աւարտեցան Համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերը: ՀՀ Վարչապետի ձեռամբ մրցանակները յանձնուեցան յաթող խումբերուն:
Արդարացի խաղի անուանակարգի մէջ յաղթող ճանչցուած է Սուրիոյ Հալէպ քաղաքի պասքեթպոլի աղջկանց խումբը:
Մրցանակը ստացած է Համահայկական խաղերուն Հալէպի ներկայացուցիչ, կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վրէժ Շառոյեանը:
Յիշեցնենք, որ 7-րդ Համահայկական ամառնային խաղերուն այս տարի մասնակցած էր 5244 մարզիկ՝ աշխարհի 35 երկրի 161 քաղաքէ: Խաղերու քանի մը մարզաձեւեր տեղի ունեցան Ստեփանակերտի, Մարտակերտի եւ Ասկերանի մէջ, իսկ հիմնական պայքարը՝ Երեւանի: Այս տարի մասնակցած էր 3 նոր երկիր՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, Իրաքը եւ Չեխիան եւ բացակայած էր Պոլիսը: