image
Հրատապ լուրեր:

Համահայկական խաղերու «Արդար խաղի» մրցանակը շահած է Հալէպի պասքեթպոլի

Համահայկական խաղերու «Արդար խաղի» մրցանակը շահած է Հալէպի պասքեթպոլի

Երեւանի Ազատութեան հրապարակին մէջ մեծ հանդիսութեամբ աւարտեցան Համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերը: ՀՀ Վարչապետի ձեռամբ մրցանակները յանձնուեցան յաթող խումբերուն:

Արդարացի խաղի անուանակարգի մէջ յաղթող ճանչցուած է Սուրիոյ Հալէպ քաղաքի  պասքեթպոլի աղջկանց խումբը:

Մրցանակը ստացած է Համահայկական խաղերուն Հալէպի ներկայացուցիչ, կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վրէժ Շառոյեանը:

Յիշեցնենք, որ 7-րդ Համահայկական ամառնային խաղերուն այս տարի մասնակցած էր 5244 մարզիկ՝ աշխարհի 35 երկրի 161 քաղաքէ: Խաղերու քանի մը մարզաձեւեր տեղի ունեցան Ստեփանակերտի, Մարտակերտի եւ Ասկերանի մէջ, իսկ հիմնական պայքարը՝ Երեւանի: Այս տարի մասնակցած էր 3 նոր երկիր՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, Իրաքը եւ Չեխիան եւ բացակայած էր Պոլիսը: