Հալէպի մէջ իր մահկանացուն կնքած է ազնիւ հայուհի Արփի Մինասեանը։
«Արեւելք» այս մասին տեղեկութիւն ստացաւ հանգուցեալի հարազատներէն։
Կը նշուի նաեւ, որ հանգուցեալը մահացած է յետ կարճատեւ հիւանդութեան։ Ճարապլուսի մէջ ծնած Արփի Մինասեանի (1955-ի ծնունդ, ծնունդով Պալապանեան) վերջին հրաժեշտի արարողութիւնը պիտի կատարուի շաբաթ 17 օգոստոսին Հալէպի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Հալէպի Ազգային Գերեզմանատուն։
Յիշեցնենք, որ Արփի Մինասեան մայրն է Հալէպահայ ազգային-հասարակական գործիչ, Հալէպի նահանգային խորհուրդի անդամ Շահէ Մինասեանին։
«Արեւելք» այս առթիւ իր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնէ թերթիս բարեկամ Տիար Շահէ Մինասեանին եւ համայն Մինասեան ընտանիքին։