image

Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի հարցով Մայր Աթոռը ճիշդ քաղաքականութիւն կը վարէ. Տ. Գարեգին արք. Պէքճեան

Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի հարցով Մայր Աթոռը  ճիշդ   քաղաքականութիւն կը վարէ. Տ. Գարեգին արք. Պէքճեան

Անցնող  օրերուն «Արեւելք»      Գերմանիոյ   հայոց առաջնորդ  Տ. Գարեգին արք. Պէքճեանին հետ  հարցազրոյց  մը ունեցաւ: Հարցազրոյցին  հիմնական   մասը  արդէն, իսկ հրատարակած եղանք մեր էջերով եւ  այսօր հանրութեան  կը ներկայացնենք Սրբազան հօր հետ մեր ունեցած  հարցազրոյցին ամբողջութիւնը:

 

Ամփոփ գիծեր «Արեւելք»ի զրուցակից, Գերմանիոյ Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Գարեգին Արք. Պէքճեանի 


Գերմանիոյ թեմի   առաջնորդ   Գերշ.  Տ. Գարեգին  արք.  Պէքճեան ծնած է  Պոլիս: Սրբազան  հայրը  յաճախած է Պոլսոյ Պատրիարքարանի դպրեվանքը եւ  իր     ուսումնառութեան   առաջին հանգրուանը   եղած է Պոլսոյ     Գերշ. Տ. Շնորհք  Պատրիարքի շունչին տակ։ Եղած է ուսուցիչ, ապա իր ուսումը շարունակած է Գերմանիոյ մանկավարժական համալսարանէն ներս:

1969-ին Սրբազանը եպիսկոպոս ձեռնադրուած է, որմէ ետք 19 տարիներ գործած է Մարսէյլի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ, որպէս հոգեւոր հովիւ:

1991-ին, Վազգէն Կաթողիկոսի օրով  նշանակուած է Գերմանիոյ  հայոց  թեմի Առաջնորդ, ուր գործօն դերակատարութիւն ունեցած է տեղւոյն հայ համայնքի թեմական կազմակերպական աշխատանքներուն մէջ:

 

 

 


 

-Ինչքան որ թուրք-գերմանական յարաբերութիւնները երեւութապէս ալեկոծուեցան, նոյնքան ալ Պունտեստակի առած  որոշումը, կապուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու ալեկոծեց  որոշ շրջանակներու անդորրը: Այս բոլորին առընթեր նկատելի է, որ  մեր ամենազգայուն կէտը Պոլսոյ պատրիարքական աթոռն է: Ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք այս բոլորը:

 

-Ակնյայտ է, որ Արամ արք. Աթէշեան անձնական շահերէ մեկնած իր չակերտեալ առաքելութեան ընդմէջէն «պատրիարքութիւն կը խաղայ», սակայն ժողովուրդին համարձակութիւն պէտք է ընդդիմանալու, բողոքի ձայն բարձրացնելու, որով յաճախ թուրքերու կողմէ նախատինքի խօսքեր կ'արձակուին եւ ճնշում կը բանեցուի անկար մարդոց նկատմամբ: Արդ, անհրաժեշտ է անյապաղօրէն պատրիարքական ընտրութիւններու ձեռնարկել, որով ըստ երեւոյթին Արամ արք. ամէն գնով կ'ուզէ իր խախուտ աթոռը հաստատել, վկայ պետութեան ուղղած իր հռչակաւոր նամակը, պատրիարքական ընտրութիւններ իրականացնելու գծով, պարզապէս փաստելու, որ ինք պետականամետ հաւատարիմ մարդ է:

 

-Մօտ ապագային եթէ Պոլսոյ մէջ պատրիարքական ընտրութիւններ տեղի ունենան Դուք թեկնածու է՞ք: Եւ եթէ ընտրուիք մտավախութիւն չունի՞ք Թուրքիա վերադառնալու:

 

-Նախապէս քանի մը առիթներ ընծայուած են ինծի, սակայն ոչ մէկ անգամ ընդառաջած եմ, ինծի վերապահուած յատուկ պատճառներով:

Ներկայիս հաւանական թեկնածուներու ցանկին մաս կը կազմեմ եւ ոչ մէկ մտավախութիւն ունիմ Թուրքիա վերադառնալու, փաստօրէն երբ 2003-ին, երեսուն տարուան հեռաւորութենէն ետք այցելութիւն մը տուի, նկատեցի որ գաղութի մտածելակերպը բոլորովին փոխուած է:

Մինչ օրս թեկնածու եմ, բայց վաղը ինչ կ'ըլլայ՝ մէկը չի գիտեր:

 

-Ներկայիս Պոլսոյ համայնքին հետ կապեր ունի՞ք:


-Այո՛, հիմնական կապս տեղւոյն դպրեվանեցիներուն հետ է, յատկապէս շրջանաւարտներուն, որոնք արդէն համայնքային աշխատանքներ ստանձնած են եւ կը ղեկավարեն գաղութի հոգեմտաւոր կեանքը: Մէկ խօսքով քաղաքի երեւելի դէմքերուն հետ արդէն մտերիմ յարաբերութեան մէջ եմ:  Նաեւ տեղին է նշել որ Գերմանիոյ հայ համայնքի մեր ներկայացուցիչներն ալ իրենց ներդրումը ունեցան թեկնածութեանս քաջալերման:

 

-Ի՞նչ կը կարծէք, այս անգամ քարը տեղէն պիտի շարժի՞:

-Ներկայ դրութեամբ պատրիարքական ընտրութիւններու արտօնութիւն չի տրուիր պետութեան կողմէ, սակայն հիմա լաւագոյն առիթն է, որ հայ համայնքը իր ուժերը լարէ եւ համակարգուած աշխատանք տանի, որ Արամ արքեպիսկոպոս իր հրաժարականը ներկայացնէ եւ այլ փոխանորդ մը նշանակուի, «տեղապահ» անուան տակ, որպէսզի ընտրութիւններու ձեռնարկէ:

 

-Էջմիածնի դերը ի՞նչ է այս խառնիճաղանճ վիճակին մէջ: Սփիւռքը կը սպասէ որ Հոգեւոր պետերը իրենց դերակատարութիւնը ունենան այս հարցի բարւօք լուծման:

 

-Էջմիածնի միջամտութիւնը այդքան ալ հաշտ աչքով չի դիտուիր թուրքերու կողմէ, ընդհակառակը անոնք սխալ կը նկատեն որեւէ արտաքին միջամտութիւն եւ ձախողութեան պատճառ կը համարեն: Ուստի, զգուշաւորութեան քաղաքականութիւնը,  որ կը վարէ Մայր Աթոռը  տեղին է եւ ճիշդ:

 

-Մայր Աթոռի  կրօնական   բարձր ժողովի  օրակարգին մէջ   հնարաւոր է՞, որ քննարկութեան  դրուի պատրիարքական ընտրութիւններու հարցը: 

 

-Անշուշտ տեղ պիտի գտնէ: Այս ընտրութիւններու ուշացման պատճառով ոչ մէկ դրական տեղաշարժ տեղի կ'ունենայ Թուրքիոյ մէջ, այլ ամէն ինչ սառած է եւ լճացած մթնոլորտ մը կը տիրէ գաղութէն ներս:

Թուրքիոյ գիւղերէն ներս տակաւին կան ծագումով հայեր, որոնք պէտք է քրիստոնեայ դառնան: Նոր սերունդ մը կայ որ պէտք է ներգրաւել հայկական վարժարաններու մէջ, հայերէն լեզուն եւ մշակոյթը առկայծ պահելու նպատակաւ:

 

-Սրբազան Հայր, Ձեր մտքին մէջ ի՞նչ ծրագիրներ ունիք Պոլսոյ համար:

 

-Վերոնշեալ աշխատանքներուն կողքին որեւէ ծրագիր որ կը նպաստէ մեր եկեղեցական եւ համայնքային կեանքի վերելքին ու ծաղկման, անհրաժեշտ է գործադրութեան դնել: Ամենակարեւոր աշխատանքներէն մէկը Պատրիարքին իրաւական անձ դարձնելու հանգամանքն է, որ այդքան ալ դիւրին խնդիր չէ, որովհետեւ ոչ մէկ համայնք այդ իրաւասութիւնը ունի: Մինչեւ 1960 Պատրիարքարանը ունէր իր սահմանադրութիւնն ու ազգային վարչութիւնը, որ լուծուեցաւ եւ մինչ օրս գոյութիւն չունի:

 

-Արդեօ՞ք Էջմիածինը կրնայ ճնշում բանեցնել, որ հրաժարի Արամ Արք. Աթէշեանը իր պաշտօնէն: Հրաժարելէն ետք ի՞նչ է օրինական կարգը նոր պատրիարքի ընտրութեան:

 

-Էջմիածինը ուղղակիօրէն չի կրնար որեւէ ճնշում բանեցնել, որովհետեւ նախ թրքական հանգամանքը կայ եւ ի վերջոյ անկախ աթոռ է Պատրիարքութիւնը, որ ոեւէ մէկը չի կրնար ինքնագլուխ որոշում կայացնել, սակայն կրնայ խիստ քննադատել այս կացութիւնը եւ այդ մէկը կը յայտարարուի, իսկոյն իր դիրքը կը խախտի:

 

-Ո՞վ յարմար կը նկատէք տեղապահի պաշտօնին:

 

-Սահակ Սրբազանը կը կարծեմ յարմարագոյնն է, որով առնուազն հաւասարակշռուած անձնաւորութիւն է եւ կարելի է լեզու գտնել հետը:

 

-Ինչ կը վերաբերի Գերմանիոյ առած որոշումին` Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով, ի՞նչ ըսելիք ունիք: 


-Գերմանիոյ առած որոշումը մեր այրած սիրտերուն ջուր սրսկեց, որով այսպիսի բան մը հարիւր տարիէ ի վեր կը սպասէինք` նման մեծ պետութեան մը կողմէ: Ճիշդ է շատ մը երկիրներ ընդունեցին Ցեղասպանութիւնը, սակայն Գերմանիոյ ընդունումը որպէս մեղսակից եւ մասնակից այս անմարդկային արարքի գործադրութեան, յատուկ նշանակութիւն ունի, նկատի առած որ ան իր մեղքը խոստովանեցաւ համայն աշխարհին: Յոյսով ենք որ այս մէկը օրինակ կը դառնայ միւս «մեծերուն», որով Գերմանիան իր այս կեցուածքով ըսել ուզեց «եթէ մենք մեր մեղսակցութիւնը կը բացայայտենք, ուրեմն իրականութիւն մը կայ եւ դուք եւս պէտք է նոյնը ընէք»:

 

-Ձեր կարծիքով վերոնշեալ խոստովանանքը չի՞ կրնար պատճառ դառնալ, որ յաւելեալ լարուածութիւն ստեղծուի Ձեր հովուած գաղութին մէջ ապրող թուրքերուն եւ հայերուն միջեւ:

 

-Ո՛չ: Թուրքերը ըստ ընկալեալ սովորութեան, նման իրադարձութիւններու առաջին մի քանի օրերուն կը պոռթկան, կը զայրանան, կը բողոքեն, կը հայհոյեն, բայց ետքը կը մոռնան, ինչպէս որ նոյնը կ՛ընէ Էրտողան: Անշուշտ կայ ազգամոլ բաժին մը, որ իւրաքանչիւր ընծայուած առիթ կ՛օգտագործէ, արտայայտելու իր կարծիքը, որով անփոփոխ կեցուածք մը ունի, որմէ չի հրաժարիր: Ինչպէս Գերմանիոյ Պոն քաղաքի նախկին թուրք դեսպան Էօնիւր Էօյման հեռատեսիլէն ելոյթ մը ունեցաւ եւ Ծիծեռնակաբերդի նկարը ցոյց տալով ըսաւ. «Ասալայի զոհուած տղոց յուշարձան ըրած են. «Տեսէ՛ք մեզի ջարդարար կ’ըսեն, իրենք մեր դեսպանները սպաննած տղոց համար յուշարձան ըրած են»:

 

-Քիւրտերը, որպէս թուրքիոյ մէկ բաղկացուցիչ քաղաքացիներ, մեր նախահայրերուն նման, այսօր կը բռնադատուին, կը հալածուին, կը սպաննուին եւ իրենց շրջանները կ՛աւերուին ու գաղթական կը դառնան, քրտական պետութիւն մը ստեղծելու երազանքը փայփայած ըլլալնուն յանցանքով, որուն համար ցաւ ի սիրտ հայ ժողովուրդը եւս կոտնահարուի եւ որպէս խաղաքարտ կօգտագործուի Թուրքիոյ ողջ տարածքին: Ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք այս ընթացքը:

 

-Երազելը բոլոր ժողովուրդներուն իրաւունքն է: Բայց երազը բան մըն է, իրականութիւնը՝ այլ բան: Բոլոր ուրացողները շատ լաւ գիտեն իրենց գործած  ժխտական արարքները, սակայն իրենց շահերէն մեկնած իւրայատուկ քաղաքականութիւն կը վարեն: Մեր պարագային, համայնքի պատասխանատու մարմիններէն կը պահանջուի աւելի  վճռական մօտեցում ունենալ Արամ Արքեպիսկոպոսի նկատմամբ: Հարկ եղած ատէն նոյնիսկ սաստել զայն եւ պարտադրել, որ առանց իր պաշտօնը շահագործելու կատարէ իրեն վստահուած առաքելութիւնը:

 

 

 Հարցազրոյցը ՝ Ս. Ա.ի