image

«Հարիւրամեայ այս գաղութը աւելի խոր արմատներ ունի». Լալա Միսկարեան- Մինասեան

«Հարիւրամեայ այս գաղութը աւելի խոր արմատներ ունի». Լալա Միսկարեան- Մինասեան

 «Արեւելք»ի  հարցազրոյցը  Հալէպահայ երկար տարիներու կրթական մշակ եւ   հրապարակախօս ՝ Լալա Միսկարեան- Մինասեանին հետ:

 


«Արեւելք»- Վերջին օրերուն  Հալէպը դարձեալ դարձաւ  մեր մտահոգութիւններուն հիմնական  առանցք:  Ձեր տեղեկութիւններով եւ  մանաւանդ զգացածով, այսօր ի՞նչ տեղի կ'ունենայ Հալէպի շուրջ:

Լալա Միսկարեան- Մինասեան- Ձեր հարցումի վերջին մասը աւելի մատչելի է ինծի, քանի որ քաղաքական գործիչ կամ մեկնաբան չեմ եւ պատերազմական քայլերու ընթացքին ու կռուող կողմերու մարտավարութեան բաւարար չափով ծանօթ չեմ։ Ինծի աւելի հետաքրքիր է ռազմադաշտ-քաղաքի բնակիչներուն վիճակը, ինչ որ այս օրերուս երկու բառով սահմանել  կարելի չէ։

Հոս ապրողներուս համար Հալէպին վիճակը մտահոգութեան առանցք է ո՛չ միայն վերջին օրերուս· ան մեր ամէնօրեայ կեանքին մղձաւանջն է, քանի որարդէն չորս տարի,շրջափակումի առաջին իսկ օրերէն,այլազան աղէտներ անպակաս են։ Կենցաղային նեղութիւնները, որքան ալ որ ծանր ըլլան անոնք, լուծումի մասնակի ճամբաներ կ’ունենան,յատկապէս որ գաղութին ղեկավարութիւնը այդ ուղղութեամբ քայլեր առած է եւ կը ջանայ հոգալ մարդոց կարիքները։ Սակայն, որքան ալ որ կարեւոր, կենցաղային խնդիրները  առաջնայինը չեն։Եթէ առաջին ամիսներուն անակնկալը շփոթեցուց ու վախցուց հալէպցիները, այնուհետեւ, տարիներու ընթացքին մարդիկ ակամայ վարժուեցան բանի մը, որու կարելի չէ վարժուիլ, այն է՝ մահուան մշտական ներկայութեանը քովդ՝ ուր ալ որ գտնուիս։

Երբ որեւէ վայրի մէջ աղէտ կը պատահի, հոգեբաններու խումբեր կ’աճապարեն հոն՝ աղէտահար մարդոց հոգեբանական օգնութիւն մատուցելու։ Աւա՛ղ, Հալէպի բնակիչներէն իւրաքանչիւրը այսօր հոգեբանական այնպիսի բարդ հանգոյց է, որ տարիներ պէտք պիտի ըլլան զանոնք բնականոն վիճակի վերադարձնելու համար, եթէ երբեք իրենցմով հետաքրքրուողներ ըլլան···


«Արեւելք»- Ի՞նչ կը նախատեսէք  յառաջիկայ օրերուն, տրուած ըլլալով, որ  Սուրիոյ  տագնապին մօտէն  հետեւող  վերլուծաբաններ  տագնապի  հանգուցալուծման  մօտալուտութիւն մը չեն նկատեր:


Լալա Միսկարեան- ՄինասեանԱյսօր տեղեկատուական կարելիութիւնները այնքան լայն են, որմոլորակի որեւէ անկիւնը գտնուողը կրնայ մեզմէ՝ ենթականերէս աւելին իմանալ իր ձեւով աննախընթաց  համաշխարհային այս հակամարտութեան հանգուցալուծումի կամ առաւել խճճուելու մասին։ Այդ ուղղութեամբ ես անտեղակ եմ, մանաւանդ որ մեծ քաղաքականութեան բաւիղները սովորական մահկանացուներուս  համար շատ մթին են։ Կը լսենք, թէ վճռական հարուածին ու Հալէպի ազատագրումին պահը մօտեցած է, բայց անցնող տարիներուն նման յայտարարութիւններ այնքան շատ լսեցինք, որ հաւատ ընծայելու կը դժուարանանք։ Անձնապէս կը նախընտրեմ ո՛չ խանդավառուիլ դրական կանխատեսումներէն կամ գուշակութիւններէն, ո՛չ ալ վհատիլ ժխտականէն։ Այս չորս- հինգ տարիները  զմեզսորվեցուցին առաւել բաց աչքերով նայիլ կեանքի իրականութիւններուն եւ որեւէ պետութեան քաղաքականութեան հետ կապուած պատրանքներ չունենալ։

 

«Արեւելք»- Եթէ դէպքերը այս հունով շարունակուին, ի՞նչ ճակատագիր կը սպասէ       Հալէպահայութեան: Կրնանք ըսե՞լ, որ հալէպահայութեան թիւը  նօսրացած է այսօր:


Լալա Միսկարեան- ՄինասեանԵրբ գիտենք, թէ առաջին իսկ օրերէն մարդիկ սկսան հեռանալ երկրէն ու քաղաքէն՝ բնականօրէն հասկնալի է, որ հայերը եւս, ու թերեւս առաջիններու կարգին,հեռացան ու տակաւին կը հեռանան։ Իւրաքանչիւր ծանր դէպք նոր խթան կ’ըլլայ, որ նոյնիսկ մնալ վճռածներ տատանին ու գաղթի ճամբան ընտրեն։Անտարակոյս գաղութը կը նօսրանայ, սակայն տակաւին ոտքի է եւ կարծես ինքնահաստատումի առաւել մեծ ճիգերու մէջ՝ մշակութային եռուն օրեր կ’ապրի՝ անտեսելով ստոյգ վտանգը։ Մէկ բան կասկածէ վեր է՝ գաղթող հալէպցիներուն հոգիները կը մնան այս օրհնուած քաղաքին մէջ։ Անոնք ոչ մէկ տեղ կը գտնեն նիւթական ու բարոյական այն արժէքները, որ ունէին հոս՝ շատերէն տգէտ կարծուած այս միջավայրին մէջ։ Տակաւին խօսք չեղաւ ազգային նկարագրային գիծերու, աւանդապահութեան, ընկերային մթնոլորտի, մայրենի լեզուին հանդէպ տակաւին պահպանուող գուրգուրանքի ու այլ արժէքներու մասին, որոնց հալէպցիներ  յաճախ կ’անդրադառնան հեռանալէն ետք։

 

«Արեւելք»- Յոսեր կա՞ն, որ եթէ տագնապը քաղաքական լուծման հունի  մը մէջ մտնէ, բոլոր դուրսը գտնուող  հալէպահայերը կը վերադառնան:


Լալա Միսկարեան- ՄինասեանՀակուած չեմ ենթադրութիւն ընելու, սակայն յենելով մեր լսածներուն վրայ՝ կը  հաւատամ, թէ վերադառնալ ուզողներ պիտի ըլլան։ Հաւանաբար ոչ բոլորը, սակայն ծննդավայր վերադառնալու համար շատեր կը սպասեն պատերազմի աւարտը։ Երիտասարդներ, որքան ալ որ սկզբնական շրջանին օտար զգան նոր միջավայրերու մէջ, այնուամենայնիւ կարճ շրջան մը ետք կ’ընտելանան, կ’ընկալեն, կ’իւրացնենայլ մշակոյթներու պարտադրած նոր յարաբերութիւնները։ Այլ է պարագան հասուն մարդոց ու յատկապէս տարեցներու, որոնց համար դուրսը կան ե՛ւ նոր կեանք սկսելու, ընտանիքի նիւթական կարիքները հոգալու դժուարութիւններ, ե՛ւ տեղական լեզուն իւրացնելու հարց, ե՛ւ ընկերային բոլորովին այլ միջավայրի հետ հաշտուելու ստիպուածութիւն, ե՛ւ մտալլկանք, թէ մատղաշ զաւակները կրնան հեռանալ  ազգային արմատներէն, ե՛ւ  ակամայ Հալէպ ձգած նիւթական արժէքներու հաւանական կորուստի մտատանջութիւն։ Արդիւնքը՝ հազարաւոր մարդիկ պիտի կրկնեն թէ՛ հիւրընկալած երկրին օտար ըլլալու, թէ՛ իրենք իրենցմէ օտարուելու այն ծանր հոգեվիճակը, զոր կրեցին Մեծ Եղեռնէն փրկուած գաղթականներու առաջին սերունդները։ Բնակավայրը կրնանք սիրել, բայց զմեզ երջանիկ կամ դժբախտ ընողը մարդիկ են։ Հալէպը կը պահպանէր արեւելքին յատուկ մարդկային մտերմիկ յարաբերութիւնները, ինչ որ, կը լսենք, յաճախ կը փնտռեն հեռացողները։

 

«Արեւելք»- Ի՞նչ պայմաններու մէջ կ'ապրի հալէպահայութիւնը այսօր: Կրնա՞ք  կարճ նկարագրական մը ընել  այդ առումով:


Լալա Միսկարեան- ՄինասեանԱյս օրերուս հալէպահայութիւնը մէկ աչքով խնդաց ու միւսով արտասուեցաւ։ Գերմանիոյ խորհրդարանի կողմէն հայոց ցեղասպանութիւնը ընդունելու առթիւ տակաւին զիրար չշնորհաւորած՝ հրթիռներու տարափ տեղաց քաղաքին ու յատկապէս  հայաշատ Նոր Գիւղին վրայ։ Կրկին ունեցանք զոհեր, կրկին սահմռկեցանք, կրկին մահուան խիստ մերձաւորութեան անդրադարձանք։ Այնուամենայնիւ՝ անոնք որ կը շարունակեն մնալ հոս ու ազգային ծառայութիւններու մէջ են, անխոնջ ու առաւել շեշտուած ջանքերով կը կատարեն իրենց գործը։ Հալէպը տակաւին կը գիտակցի, որ հայապահպանումի կարեւոր օճախ ըլլալէն չէ դադրած։ Դպրոցներու աւարտական քննութիւնները ու ամավերջի հանդէսները աւարտուեցան, Հայագիտական Հիմնարկին քննութիւնները ընթացքի մէջ են,  այլազան դասընթացքներ ու գեղարուեստական ելոյթներ կը խաչաձեւեն զիրար, քանի մը անգամ տեղ փոխելու ստիպուած, դժուարագոյն պայմաններու մէջ՝ «Գանձասար» շաբաթաթերթը կանոնաւոր կը հրատարակուի ու թղթակցողներու պակաս չունի··· երիտասարդներ կ’ամուսնանան ու մանուկներ կը ծնին· կեանքը իր ճամբով, մահը՝ իր····

 

«Արեւելք»- Սուրիահայութիւնը եւ մասնաւորապէս Հալէպահայութիւնը կը համարուի արեւմտահայաստանի  հայութեան  ամէնէն  գլխաւոր ամրոց- բերդը: Ինչքանո՞վ  ճիշդ է այս ընկալումը: Կրնա՞ք բացատրել:


Լալա Միսկարեան- ՄինասեանՀալէպի հայ համայնքը սփիւռքի համար ա՛յն իմաստով արեւմտահայութեան կորիզն էր, որ տակաւին գաղութը հայախօս էր, է՛, ու հայերէն չիմանալը հոս ամօթ էր,  գրեթէ ազգադաւութեան համազօր։

Հալէպցին կը պահպանէր Երկրէն ժառանգ ստացած ազգագրական, կենցաղային-աւանդական սովորութիւններ, բարքեր։

Անմիջական մերձ էր ե՛ւ պատմական Հայրենիքին, ե՛ւ Սուրիոյ անապատներու մէջ անթաղ մնացած նահատակներու բաց գերեզմաններուն ու անոնց հաւաքական շիրիմ՝ Տէր Զօրի  յուշարձանին։ Աւանդոյթ դարձած ամէնամեայ ուխտագնացութիւնը հոն՝ երիտասարդ սերունդին մէջ արթուն կը պահէր Մեծ Եղեռնի յիշատակը եւ հայ դատի յանձնառութեան գիտակցութիւնը։

Հալէպը արեւմտեան սփիւռքին մայրենիին տարբեր մակարդակներով տիրապետող ու ազգային ոգի ունեցող մարդուժ կը մատակարարէր։ Այս առիթով շեղիմ ու յիշեմ, յատկանշական պատկեր մը։ Հալէպէն վերջերս Գանատա գաղթած աղջնակ մը՝ Հալէպի Հայագիտական հիմնարկի առաջին կարգի ուսանողուհի,  ինծի կը գանգատի (թերեւս ալ երիտասարդի յատուկ ծայրայեղացումով), թէ հայերը հոն կամ հայերէն չեն գիտեր, կամ շատ վատ գիտեն ու չեն ալ կարեւորեր։ Թէ իմ զտարիւն հայուհին որքան կը տոկայ այդ ամենակուլ հոսանքին, ինք, երիտասարդական խանդով՝ վստահ է,  իսկ ես կ’ուզեմ հաւատալ իրեն ու իր նմաններուն։

 

«Արեւելք»- Յաճախ կ'ըսուի, որ հալէպահութիւնը իր կրած վերջին ծանր կորուստներէն  ետք պիտի չկարողանայ ինքզինք վերագտնել: Ճիշդ կը համարէ՞ք  այս  մօտեցումը:


Լալա Միսկարեան- ՄինասեանՄենք հիմա յոռետես ըլլալու իրաւունք չունինք, քանի որ չյուսալը մեզի համար մահ է։ Այս պայմաններու մէջ զմեզ ոտքի պահողը յատկապէս հաւատքն է ու յոյսը,եւ եթէ այդ ալ կորսնցնենք՝ անիմաստ կը դառնայ որեւէ պայքար։ Հարիւրամեայ այս գաղութը աւելի խոր արմատներ ունի· հոս եղած է Տիգրան Մեծ, հոս եղած է Սասնայ Մհեր, հոս հայը դարեր շարունակ ներկայութիւն եղած է ու մանաւանդ՝ ուշագրա՛ւ, ազդեցի՛կ, ստեղծագո՛րծ ներկայութիւն, որու մասին կը վկայեն նաեւ արաբները։ Այս գաղութի ապագային հանդէպ   յուսահատ չենք կրնար ըլլալ։ Ան պիտի յարատեւէ, նոյնիսկ եթէ նախկին տարողութիւնը ու կշիռը չունենայ։

 

«Արեւելք»- Ինչպէ՞ս կը գնահատէք հայութեան տարբեր հատուածներու ցոյց տուած վերաբերմունքը ՝սուրիահայութեան եւ մասնաւորապէս հալէպահայութեան համար:


Լալա Միսկարեան- ՄինասեանԵրբեք համաձայն չեմ եղած մեր մէջ շրջանառուող այն կարծիքին, թէ հայերս միաբան չենք ու զիրար չենք սիրեր։ Լորտ Պայրըն հայերուս թերութիւնները կը վերագրէր մեր դաժանագոյն պատմութեան, իսկ առաքինութիւնները կը նկատէր մեր  ազգային ինքնեկ մասնայատկութիւնը։ Կը կիսեմ իր կարծիքը։ Յուզիչ երեւոյթ մը կայ հայերուս վարքին մէջ· երբ խաղաղ ու սովորական են պայմանները, հայերս կրնանք մեր հայկականութեան խորթանալ, օտարինը գերադասել, անտարբեր գտնուիլ մեր արժէքներուն հանդէպ, բայց կը բաւէ, որ լուրջ վտանգ մը ծագի՝ ամբողջ հայութիւնը, Փոքր Մհերին պէս, կը լսէ ՙՑեղին ձայնը՚ եւ պատրաստակամ կ’ըլլայ օգնութեան հասնելու։ Սուրիահայութեան աջակցելու պարագան այս իմաստով ո՛չ առաջինը եւ ո՛չ վերջինն է։ Հրաշալի ժողովուրդ ունինք, երանի՜ ամէնէն ցած ու ամէնէն բարձր մակարդակներու վրայ գիտակցէինք ու արժեւորէինք մեր ազգին այս ազնուական ինքնատիպութիւնը։Երանի՛ այս ազգը իր տուածին չափով նա՛եւ ստանար այն ջերմութիւնը, ինչ որ իր հոգիին բխումն է։

Թէեւ լիազօրուած չեմ, բայց կը հաւատամ, որ հալէպահայութիւնը երախտապարտ է բոլոր անոնց, որոնք իրենց կարելիութեան չափով, նիւթական կամ բարոյական առումներով սատարեցին ու տակաւին կ’օգնեն իրենց աղէտեալ ազգակիցներուն։ Մեր ուժը մեր միասնութեան մէջ է ու միասնութեան մէջ՝ մեր յաւերժութիւնը։