image
Հրատապ լուրեր:

Կոչ կ'ուղղեմ բոլոր սուրիահայերուն՝ խիտ շարքերով մասնակցելու յառաջիկայ ընտրութիւններուն. Երատօ Գրիգորեան

Կոչ  կ'ուղղեմ   բոլոր սուրիահայերուն՝   խիտ  շարքերով մասնակցելու յառաջիկայ  ընտրութիւններուն.  Երատօ   Գրիգորեան

Սուրիոյ մէջ   յառաջիկայ    13  ապրիլին   տեղի ունենալիք    խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ «Արեւելք» հարցազրոյց մը ունեցաւ Դամասկոսի հայկական  աթոռին  իր թեկնածուութիւնը  դրած     Երատօ   Տիգրան  Գրիգորեանին  հետ:  Նշենք, որ դամասկահայ  Գրիգորեան   մասնագիտութեանբ լրագրող է եւ անդամ  Սուրիոյ  պետական   պատկերասփիւռի  անձնակազմին:

 

-Ի՞նչ   հանգամանքներու  բերումով  որոշեցիք ձեր թեկնածութիւնը առաջադրել  Սուրիոյ յառաջիկայ  խորհրդարանական ընտրութիւններուն:


-Սուրիոյ յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն թեկնածութիւնս առաջադրելու թելադրանքը բխած է քաղաքացիական իրաւունքներէս եւ սուրիական հայրենիքի հանդէպ ունեցած պարտականութիւններէս, ուր ծնած եւ մեծցած եմ: Մինչեւ օրս, իմ մասնագիտական ասպարէզէս ներս երբեք Սուրիոյ հանդէպ պարտականութիւններս կատարելու չեմ թերացած, ուստի ցանկութիւնս է իմ հնարաւորութեանս չափով, շարունակել այդ ուղին, նամանաւանդ Սուրիոյ համար այս ամենածանր եւ տագնապալի օրերուն:

 

-Ինչքան  գիտենք,    ձեր թեկնածուութիւնը  բոլորովին անկախ նախաձեռնութիւն մըն է.  ի՞նչ  կարծիքի  են  Դամասկոսի հայկական  գաղութի    պատասխանատու  մարմինները այդ մասին:


-Ես հայ-արաբական Միջազգային Իրաւական Խորհուրդի անդամ եմ, տեղեկատուական՝ մասնագէտ, ինչպէս նաեւ երկարամեայ վաստակ ունիմ Սուրիոյ պետական հեռուստաընկերութեան մէջ, ուր մինչեւ օրս կը շարունակեմ գործել: Այս հանգամանքէն ելլելով, իմ թեկնածութեանս նախաձեռնութիւնը անկախ որոշում մը չի կրնար համարուիլ, նամանաւանդ, որ Դամասկոսի մէջ հայ պատասխանատու մարմիններ չունինք, որոնք խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակից թեկնածուներ նկատի ունենան, որոշում կայացնեն, կամ Հայաստանի դեսպանութեան եւ կրօնական իշխանութեան կարծիքը արտայայտեն: Անկեղծօրէն ըսեմ, որ Սուրիոյ սահմանադրութեան ընձեռած իրաւունքով է, որ առաջնորդուեցայ իմ թեկնածութեանս առաջադրութեան մէջ:

 

-Եթէ  յաջողիք, դուք պիտի դառնաք  առաջին  հայ կին պատգամաւորը  Սուրիոյ պատմութեան  մէջ:  Այս առումով, որոշ նախապատուութիւններ պիտի ըլլա՞ն ձեր յառաջիկայ գործունէութեան  օրակարգին մէջ:


-Անշուշտ, ես  ունիմ մշակուած ծրագիր եւ նպատակասլաց կերպով պիտի  ուղղուիմ անոր գործադրման, նկատի ունենալով տարբեր տեսակի հարցեր: Նախապատուութիւններու առումով, նախ որպէս սուրիացի պիտի զբաղուիմ Սուրիոյ  սուրիացիները յուզող հարցերով, սակայն առանց մոռնալու, որ ես նաեւ հայ եմ եւ իմ նպաստս պիտի ունենամ այդ ուղղութեամբ եւս:

 

-Ձեր կարծիքով ի՞նչ պարտաւորեցնող աշխատանքներ պիտի ունենան  կատարելիք Սուրիոյ նոր խորհրդարանի պատասխանատուները:


-Այս հանգրուանին, ականատես ըլլալով Սուրիոյ դիմագրաւած դժուարութիւններուն, ամէնէն առաջ պէտք է անպայման աշխատիլ Սուրիոյ ժողովուրդի միասնականութեան եւ հողային տարածքի ամբողջականութեան պաշտպանութեան եւ պահպանման համար, համագործակցութեամբ եւ առանց որեւէ զիջումներու երթալու:

 

-Կը կարծէ՞ք, որ  այս ընթացքով Սուրիոյ արիւնալի պատերազմը պիտի մտնէ քաղաքական լուծումներու փուլ:


-Սուրիոյ հարցը արդէն մտած է լուծման ընթացքի մէջ:  Այսօր անլուծելի խնդիրներ չկան, մանաւանդ  բարեկամ երկիրներու նախաձեռնած միջամտութիւններէն ետք:

 

-Դամասկոսի մէջ  ձեզմէ բացի, հայութիւնը ունի այլ թեկնածուներ: Ի՞նչ  կրնաք ըսել անոնց մասին, Ձեր եւ իրենց միջեւ համագործակցութեան եզրեր կա՞ն  արդեօք:


-Ես անձամբ չեմ լսած հայութեան կողմէ ներկայացուցած այլ թեկնածուներու մասին, սակայն տեղեակ եմ, որ առանձին հայեր, անձնական նախաձեռնութեամբ ներկայացուցած են իրենց թեկնածուութիւնները: Իմ տեղեկութիւններուս համաձայն, ներկայ պահուս առաջադրուած են հինգ դամասկահայեր եւ տասնհինգէն աւելի հալեպահայեր: Ես ու Հայ-Արաբական Միջազգային Իրաւական Խորհուրդին գլխաւոր քարտուղար  պրն. Վահէ Մահշիկեանը դաշնակիցներ ենք, եւ Դամասկոսի անկախ ցանկին մէջ, տեղացի այլ  թեկնածուներու հետ միասին պիտի տանինք ընտրապայքարը: Մենք յոյսով ենք, որ երկուքս ալ ջախջախիչ ձայներով յաղթանակ կը տանինք եւ կը մտնենք խորհրդարան:

 

-Պատերազմի ողջ տեւողութեան, եւ, հակառակ ծանր իրավիճակին,  Դուք  շարունակեցիք մնալ Դամասկոս  եւ որպէս լրագրող բնականոն  կերպով կատարեցիք ձեր աշխատանքները,  նոյնպէս քաջածանօթ էք Դամասկոսի հայկական կեանքին ու համայնքի ընդհանուր իրադրութեան:  Ի՞նչ ունիք ըսելու այս առումով: 


-Հայը, ուր որ ալ կը գտնուի, պէտք է հաւատարիմ ըլլայ այդ երկրին, իր մասնակցութիւնը բերէ տուեալ երկրին ու անոր ժողովուրդին գերագոյն շահերու պաշտպանութեանը, եւ իր ծառայութիւնը մատուցէ ի նպաստ երկրի վերելքին: Աւարտելով խօսքս, կ'ուզեմ կոչ ուղղել Սուրիոյ հայերուն՝ խիտ շարքերով իրենց մասնակցութիւնը բերեն այս ընտրութիւններուն եւ իրենց դիրքորոշումը կատարեն վասն լաւին ու արդար մտածողութեան տէր թեկնածուներուն: